image

Եւրոմիութիւնը մրցանակ շնորհած է Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին

Եւրոմիութիւնը մրցանակ  շնորհած է Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին

Տիարպեքիրի մշակութային ժառանգութեան կարեւոր մէկ մասնիկը նկատուելուն համար, Եւրամիութեան մշակութային ժառանգութեան «Եւրոպա-Նոսթրա» մրցանակը, 2015-ի մրցանակակիրներու կարգին շնորհուած է նաեւ Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին:

Մրցանակի յանձնումը տեղի ունեցած է 5 մայիսին, Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ: Մրցանակի յանձնման արարողութեան ներկայ եղած են Եւրամիութեան Թուրքիոյ պատուիրակութեան նախագահի օգնական՝ Անտրէա Շմիտ, «Եւրոպա-Նոսթրա»ի Թուրքիոյ նախագահ՝ Փրոֆ. Տօքթ. Նուրան Զէրէն Կիւլէրսոյ, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք, Տիարպեքիրի համաքաղաքապետ Ֆըրաթ Անլը, քաղաքապետութեան աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ համայնքէն ազգային գործիչներէ բաղկացեալ բազմութիւն մը: 

«Եւրոպա Նոսթրա»ի Թուրքիոյ նախագահ Կիւլէրսոյը ելոյթ ունենալով դիտել տուած է, որ Ս.Կիրակոս եկեղեցին մրցանակի արժանի նկատուած է, որովհետեւ լաւագոյն կերպով կը ցոլացնէ հաւաքական միասնութիւնը, ինչպէս նաեւ ան ճիշդ կերպով վերակառուցուած է, հաւատարիմ մնալով իր նախկին վիճակին:

«Նոսթրա» մրցանակը «Եւրոպա-Նոսթրա»ի Թուրքիոյ նախագահի ձեռամբ յանձնուած է եկեղեցւոյ վերաշինութեան յանձնախումբին եւ Ֆըրաթ Անլըին: Ան յառաջիկային, երբ հնարաւոր ըլլայ Տիարպեքիր երթալը, պիտի փակցուի եկեղեցւոյ մուտքին: