image

Ես անասելի հիասթափուած եմ նաեւ յեղափոխութեան այն մասնակիցներէն, որոնք «քանդուքար» եղած են. Փաշինեան

Ես անասելի հիասթափուած եմ նաեւ յեղափոխութեան այն մասնակիցներէն, որոնք «քանդուքար» եղած են. Փաշինեան

ՀՀ ԱԺ-ի մէջ տեղի ունեցող արտահերթ նիստի ժամանակ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը խոստովանած է, որ ինքը պաշտօնավարման 5.5 ամսուան ընթացքին բազմիցս հիասթափութիւն ապրած է ոչ միայն պետական պաշտօնեաներէն, այլեւ իր կողքին կանգնած բազմաթիւ մարդոցմէ, որոնք, ոգեւորուած ըլլալով յեղափոխութեամբ, մի քանի ամսուան ընթացքին «քանդուքար» եղած են:

«Մեզ մեղադրում են ե՛ւ անփորձներին, ե՛ւ փորձուածներին նշանակելու մէջ, բայց այն, ինչ մենք հիմա անում ենք Հայաստանում, աշխարհում որեւէ տեղ չի եղել: Մեզ համար չկայ որեւէ բանաձեւ, որով ուղղորդուենք: Այն, ինչ մենք արել ենք, դուրս է բոլոր տեսութիւններից ու ընկալումներից, եւ սա է մեր հիմնական առաքելութիւնը»,- ըսած է Փաշինեանը՝ շեշտելով, որ իրենք եւս չեն կրնար ըլլալ անքննադատելի:

Փաշինեանը ըսած է, որ ինքը կ'ողջունէ քաղաքացիական հասարակութեան բոլոր այն պաշտօնեաները, որոնք խոշորացոյցի տակ կը պահեն պաշտօնեաներու կեանքը, ունեցուածքը:

Միաժամանակ շեշտած է, որ ինքը չուզեր ունենալ անողնաշար, քննադատութենէ ճկուող կառավարութիւն:«Ցանկացած երկրի համար ամենամեծ աղէտը թոյլ կառավարութիւնն ու թոյլ ղեկավարն է»,- ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը: