Ըստ նախնական տուեալներու, Երուսաղէմի յոյն ուղղափառներու առաջնորդ Աթալլա Հաննա եպիսկոպոսը թունաւորուած ու փոխադրուած է հիւանդանոց։
Դէպքի մասին առաջին տուելաները հաղորդած է քաղաքագէտ Էլիֆ Սապպաղ։ Սապպաղ, որ խօսած է «Ալ Մայատին» կայանին նշած է, որ երէկ՝ երկուշաբթի առաւօտուն եպիսկոպոսը չէ կարողացած իր անկողնէն դուրս գալ ու ապա դիմած է իր ծանօթներու օգնութեան ու փոխադրուած հիւանդանոց։
Աւելի ուշ պարզուած է, որ Իսրայէլի պետական մարմիններէն արտօնութիւն ստացած միջավայրի մաքրութիւն կազմակերպող ընկերութիւն մը մաքրութեան նպատակով (իբրեւ թէ) թոյն սրսկած է Հաննա եպիսկոպոսի տան շուրջ եւ աւելի վաղ յայտնի դարձած է այդ կազմակերպութեան կասկածելի եւ յետին նպատակը։
Սապպաղ նաեւ նշած է, որ նոյն կազմակերպութիւնը եկեղեցւոյ դռան վրայ ազդ մը տեղադրած է՝ բացատրելով իրենց կատարելիք աշխատանքին բնոյթը, սակայն սրսկուած թոյնին տեսակը եւ մարդկային կեանքին վտանգ սպառնացող նիւթերուն օգտագործումը ոչ մէկ կերպ արդարանալի է։
Սապպաղ նաեւ կապ հաստատած է վերոնշեալ ընկերութեան հետ, որոնք մերժած են հեռախօսի վրայ պատասխանել իրենց տրուած հարցումներուն։
Ներկայ պահու դրութեամբ Աթալլա Հաննա եպիսկոպոսին վիճակը կայուն է եւ ան բուժուելու նպատակով մեկնած է Ամման։
Պաղեստինեան դատին եւ արաբ ժողովուրդի պայքարին հանդէպ համակրանք ցոյց տուած Աթալլա Հաննա եպիսկոպոսը կը համարուի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ամէնէն խիզախ կեցուածք ունեցող արաբ կրօնաւորներէն մին։