«Երուսաղէմի հայկական գաղութը փոքր գաղութ մը ըլլալով հանդերձ, զանազան մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, որովհետեւ յայտնուած է բաւական բարդ յարաբերութիւններու կիզակէտը համարուող Սուրբ քաղաքին մէջ: Իբրեւ հայկական համայնք, մեզի համար առաջնային խնդիրը գոյատեւման եւ կայունութեան խնդիրն է, որոնց համար պարտաւոր ենք իւրաքանչիւր կողմի հետ լեզու գտնել»,-«Արեւելք»-ին ըսաւ երուսաղէմաբնակ ՌԱԿ-ի պատասխանատուներէն՝ Սեւան Փանոսեան:
Մեր զրուցակիցը, անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ Երուսաղէմի հայկական Պատրիարքարանին պատկանող եկեղեցւոյ շրջակայքի հողատարածքներուն տիրանալու մարմաջին, ըսաւ. «Իսրայէլը միշտ կ′ուզէ ամէն ինչի տիրանալ, սակայն լաւ գիտէ, որ հայերը այդ հողերը իրեն չեն տար: Հայերը դարերէ ի վեր պահած ու պաշտպանած են իրենց եկեղեցին ու հողերը: Շատ դժուար է Իսրայէլին իր նպատակին հասնիլ»:
Անդրադառնալով հայ-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն, մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, Փանոսեան յայտնեց, որ հարցը տակաւին կը մնայ Քնէսէթի կրթական յանձնաժողովի սեղանին: Անոր կարծիքով, Իսրայէլի կողմէ Ցեղասպանութեան ընդունումը դժուար է, սակայն անհնար չէ: «Պէտք է շարունակել արդար պահանջին հետապնդումը, մինչեւ որ մեր նպատակին հասնինք: Այսօր ամէն ինչ քաղաքական շահերու վրայ հիմնուած է»,-ըսաւ ան, մատնանշելով, որ եթէ Իսրայէլ ընդունի Ցեղասպանութեան փաստը, ամբողջ աշխարհը կ′ընդունի:
Փանոսեան, խօսելով գաղութէն ներս հայապահպանման համար տարուած ջանքերուն մասին, նշեց, որ սաղիմահայ գաղութը իր զաւակները կ′ուղարկէ միակ «Ս.Թարգմանչաց» հայկական վարժարան, ուր հայերէն կը սորվին, բաւականին լաւ ուսում կը ստանան: Հակառակ սակաւաթիւ ըլլալուն, գաղութը կը կազմակերպէ տարբեր՝ մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ ունի ակումբներ: Փանոսեան նշեց նաեւ, որ Իսրայէլի միւս քաղաքներուն մէջ եւս կ'ապրին հայեր, համեմատաբար աւելի քիչ թիւով, որոնք ունին իրենց եկեղեցին, նշելով, որ Պատրիարքութիւնը բնականոն ձեւով կը շարունակէ իր յարաբերութիւնները համայնքի զաւակներուն հետ:
Որպէս ՌԱԿ-ի անդամ, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը անդրադառնալով իր կուսակցութենէն ներս առկայ վիճակին, դիտել տուաւ, որ ՌԱԿ-ը անկիւնադարձային շրջան կ'ապրի, եւ ըսաւ. «Առաջին հերթին, ես լաւատես եմ: Մեր կուսակցութիւնը շինիչ գաղափարներ ունի: Մենք միշտ եղած ենք հայրենիքի հետ, հայրենիքի համար: Պէտք է զոհողութեան ճամբան շարունակուի, պէտք է անցնիլ եղած խնդիրներուն վրայէն, պէտք է գաղափարախօսութիւնը գերադասել անձնական շահերէն եւ զանոնք չխառնել հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան հետ: Կուսակցութիւնը այժմ միասնականութեան ճամբուն վրայ է, որովհետեւ միութիւնը՝ զօրութիւն է: Պէտք է ըլլանք մէկ մարմին, որպէսզի զօրաւոր ըլլանք եւ՝ գործառու»,-ըսաւ ան, յայտնելով այն համոզմունքը, որ եթէ ցանկութիւն յայտնուի եւ հետապնդուի, կուսակցութիւնը կը վերադառնայ նախկինին նման, թէկուզ ոչ 100 տոկոս, բայց գոնէ կը վերսկսի իր գործունէութեան եւ նոր հիմքեր կը դնէ:
Արաբ-իսրայէլեան խնդրին ականատես եղող երուսաղէմաբնակ հայորդին անդրադառնալով այդ հարցին նշեց. «Երուսաղէմի բաժանումը հնարաւոր չէ, ոչ ալ զայն երկու պետութիւններու մայրաքաղաք դարձնելը, հետեւաբար «արաբ-իսրայէլեան խնդիրը անլուծելի է»: Ըստ անոր, Պաղեստինի մէջ ապահովական վիճակը վտանգաւոր է:«Հայերը միշտ զգոյշ կ′երթեւեկեն: Ծանր պարագաներուն անոնք կը ներփակուին ու կը թեթեւցնեն կրօնական վայրեր այցելութիւնը: Հակառակ անոր, որ երկու կողմերէն ալ սիրուած են, բացի այն ծայրայեղ մարդոցմէ, որոնք իրենց կրօնքէն դուրս եղող մարդոց հանդէպ ատելութիւն ունինին»,- ըսաւ ան:
Փանոսեան «Արեւելք»-ի հետ իր զրոյցի աւարտին, նշեց, որ իրեն համար Հայաստանն ու Երուսաղէմը նոյնն են, անոնք երկուքն ալ իր տունն են, ուրախութիւն յայտնելով, որ Հայաստանը յարատեւ յառաջընթացի մէջ է: «Թող աշխարհով սփռուած բոլոր հայերը լաւ ապրին, ապահով ըլլան եւ միշտ հայրենիքի հետ կապը պահեն»,-ըսաւ ան, շեշտելով, որ հայ մնալու միակ միջոցը Հայաստանի մէջ ապրիլն է: «Հայաստանը կայունանալու համար ժամանակի կը կարօտի, պէտք չէ այստեղ միայն շրջագայութեան գանք, այլ՝ մնալու»,- եզրափակեց ան: