image

Էրտողան.Պրիւքսէլի Ահաբեկիչներէն Մէկը Մենք Վտարած Ենք 2015 –ին

Էրտողան.Պրիւքսէլի Ահաբեկիչներէն Մէկը Մենք Վտարած Ենք 2015 –ին

Թուրքիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Պրիւքսէլի մէջ գործուած երկու անձնասպանական յարձակումներու ահաբեկիչներէն մէկուն Թուրքիան արտաքսած էր յունիս ամսուն, եւ զգուշացուցած էր Պէլճիքային, անոր ծայրայեղական մը ըլլալու մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ Պրիւքսէլի յարձակումներուն զոհուածներուն թիւը հասած էր շուրջ 31 մարդու, եւ իշխանութիւնները կրցած էին պարզել 2 ահաբեկիչներուն  ինքնութիւնը, որոնք պատկանած էին «Իսլամական Պետութեան» կազմակերպութեան (Տահէշ), եւ տակաւին կը շարունակեն իրենց աշխատանքները՝ բացայայտելու երրորդ ահաբեկիչին:

Միւս կողմէ, Լեհաստանի վարչապետ Պիաթա Սիտլո յայտարարած է, որ իր երկիրը Պրիւքսէլի յարձակումներէն ետք, Եւրոպական Միութեան փախստականներու բաշխման ծրագրի ծիրէն ներս, պիտի հրաժարի իր տարածքին վրայ փախստականներ ընդունելէ: Նշենք, որ Լեհաստանի պահպանողական կառավարութիւնը մինչեւ օրս, նախկին միջանկեալ կառավարութեան պարտաւորութեան հիման վրայ, համաձայնած էր շուրջ եօթ հազար փախստականներ ընդունիլ իր հողերուն վրայ: