image

«Էրտողանի քաղաքականութիւնը լուրջ սպառնալիք է ամբողջ Կովկասի համար»Թուրք գործիչ

«Էրտողանի  քաղաքականութիւնը  լուրջ սպառնալիք է  ամբողջ  Կովկասի համար»Թուրք  գործիչ

Սուրիական «Ալ Սաուրա»ն կը գրէ.

 

Թուրքիոյ համայնավար Կուսակցութեան գլխաւոր Քարտուղար՝ Քէմալ Օքիանը հաստատեց, թէ թրքական վարչակարգի Նախագահ՝ Ռէճեպ Թայէպ Էրտողանը Հայաստանի մէջ կը կրկնէ իր սադրիչ վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, որ ան սկսած էր Սուրիոյ եւ ապա Լիպիոյ մէջ:

Թրքական Ձախակողմեան թերթը մէջբերած է Օքիանի խօսքերը, մեկնաբանելով թրքական վարչակարգի միջամտութիւնը եւ անոր պաշտօնեաներուն յայտարութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը թէժացնող. «Ինչպէս Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ Էրտողանը ապացուցուած է, որ պիտի չնահանջէ իր թշնամական քաղաքականութենէն, որ ան սկսած էր այսպէս կոչուած Արաբական Գարունէն ետք», աւելցնելով թէ «Էրտողանը հայերուն դէմ պատմական թշնամութենէն կ'օգտուի Ղարաբաղի մէջ ընթացող հակամարտութեան  ընթացքին իր  քայլերով ու քաղաքականութեամբ   մեծ  սպառնալիք  կը  դառնայ   Կովկասի  համար»։Օքիան նշած է նաեւ, որ Էրտողանի Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ շարունակական պաշտպանութիւնն ու աջակցութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներուն յստակ կերպով կ'ապացուցէ անոր ընդարձակողական մտադրութիւնները եւ այդպիսով ան  կը փորձէ վերակենդանացնել սուլթանեան եւ օսմանեան խալիֆայութեան յիշողութիւնները: