Հոլանտա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Ամսթըրտամի մէջ մեծ զարմանք առաջացուցած է Անգարայի կողմէ Հոլանտա ապրող իր քաղաքացիներուն եղած պահանջի լուրը, այն մասին, որ Անգարա վերջիններէս խնդրած էր տեղւոյն Թուրքիոյ հիւպատոսութեան տեղեկացնել երկրի մէջ ոեւէ անձի մասին, որ կը վարկաբեկէ կամ վնասակար արտայայտութիւն կ'ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէն, Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելի հետ Հոլանտայի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ հինգշաբթի՝ 21 ապրիլին ըսած է. «Զարմանալի է. յստակ չէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինչի՞ կը ձգտի հասնիլ այս արարքով», աւելցնելով, որ հոլանտացի դիւանագէտները շուտով պիտի քննարկեն այս հարցը իրենց թուրք գործընկերներուն հետ:
Իր հերթին, Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդական ընդդիմադիր կուսակցութեան վարչութեան տնօրէնը յայտնած է, որ Հոլանտա ապրող շարք մը թուրքեր այս հարցի առընթեր վախ կ'ապրին, որովհետեւ անոնք նախապէս «Facebook»ի կամ «Twitter»ի վրայ նմանատիպ մեկնաբանութիւններ ունեցած են, եւ մտահոգ են, որ այդ մէկը կրայ զիրենք հայրենիք վերադարձին Թուրքիոյ սահմանին վրայ ձերբակալութեան ենթարկել: