image

Էրտողան ծանր մեղադրանքներ կը հնչեցնէ հայերուն դէմ

Էրտողան ծանր մեղադրանքներ կը հնչեցնէ հայերուն դէմ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Անգարայի մէջ, թրքական անվտանգութեան ուժերու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է, որ իրենք վճռական պայքարի մէջ են «պետութեան ներսը զուգահեռ պետութիւն ստեղծել ջանացող կառոյցի դէմ»: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Sabah» թերթը, նշելով, որ այդ շարքին Էրտողան մեղադրած է նաեւ հայերը՝  նշեալ կասկածելի կառոյցի («Կիւլէնեան շարժում» -խմբ.) հետ համագործակցելու եւ Թուրքիոյ դէմ դաւադրութիւններ նիւթելու մէջ:

«Այդ դաւաճան ոհմակը աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ աշխատանք կը տանի: Ուր ալ երթանք՝ կը տեսնենք, որ զուգահեռ կառոյցի անջատողական ահաբեկչական խմբաւորման ներկայացուցիչները՝ հայ հրոսակախմբերու հետ ուս-ուսի տուած կը գործեն ընդդէմ մեր պետութեան: Ես անձամբ ատոր ականատեսը եղայ ԱՄՆ-ի մէջ, ուր համաժողովի պիտի մասնակցէի. այդ կառոյցը «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK), հայկական «ահաբեկչական» խմբաւորման հետ իմ անձի եւ իմ պատուիրակութեան դէմ ցոյցեր կազմակերպեց»,- ըսած է Էրտողանը:

Թուրքիոյ նախագահը խոստացած է, որ այս «հակաթրքական» ուժերու դէմ պայքարը միայն Թուրքիոյ ոստիկանութեան ու անվտանգութեան ուժերու ուսին պիտի չմնայ, յայտնելով այն համոզումը, որ թրքական պետութիւնը, ի վերջոյ, պիտի յաղթէ իր դէմ գործող ուժերուն: