«Սուրիական Համայնքը Երեւանի մէջ» հասարակական կազմակերպութիւնը, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Քամերային երաժշտութեան տան աջակցութեամբ կազմակերպած է «Մայր Իմ Սիրիա» խորագրով համերգ մը՝ նուիրուած մայրերու օրուան: Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի 21 մարտ 2016-ին, ժամը 19:00-ին, Կոմիտասի անուան քամերային երաժշտութեան տանսրահէն ներս: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ինչպէս սուրիահայ, այնպէս ալ տեղացի անուանի արուեստագէտներ եւ երաժիշտներ: Նշենք, որ «Սուրիական համայնքը Երեւանի մէջ» կազմակերպութեան նախագահն է տիկին Անի Պալըխեան: