Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան «Մայրերու օրուան» առթիւ Հալէպի հայ ծերանոց այցելած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական «Բեթել» եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած տեղեկութիւնը՝
Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ին, «Մայրերու Օրուան» ուրախ առիթով, Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը այցելեց Հայ Ծերանոցը, խրախուսելով ու քաջալերելով Ծերանոցի մէջ պատսպարուած հայ մամիկներն ու պապիկները եւ Աստուծոյ փառք տալով անոնց նուիրական կեանքին ու հարուստ վկայութեան համար: Այս յատուկ առիթով Վերապատուելին իւրաքանչիւր հայ մամիկի նուիրեց ծաղկեփունջ մը իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն անոնց մայրական անձնուիրումին եւ մաղթեց խաղաղ ու առողջ կեանք: Աւարտին ծերունիները հիւրասիրուեցան քաղցրեղէնով։