image

Երեւանի մէջ ընթացք առաւ հայ բժիշկներու 5-րդ համագումարը. Այն պիտի տեւէ մինչեւ 6 յուլիս

Երեւանի մէջ ընթացք առաւ հայ  բժիշկներու 5-րդ  համագումարը. Այն պիտի տեւէ մինչեւ 6 յուլիս

Այսօր՝ 3 յուլիսին, Երեւանի մէջ մեկնարկած է հայ բժիշկներու 5-րդ միջազգային համագումարը:

Այս տարի համագումարի աշխատանքին կը մասնակցին մօտ 650 մասնագէտներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Օտարերկրեայ ամենամեծ թիւով պատուիրակներ ժամանած են ԱՄՆ-էն, Ռուսաստանէն, Գանատայէն եւ Ֆրանսայէն։ Ընդհանուր առմամբ, համագումարի շրջագիծէն ներս նախատեսուած է իրականացնել 26 արբանեակային աշխատաժողով, 13 լիագումար դասախօսութիւն եւ 27  նիստ։   

Ինչպէս նշած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը, համագումարի շրջանակէն ներս տեղի եւ արտասահմանցի մասնագէտները հնարաւորութիւն պիտի ստանան քննարկելու այժմէական հարցեր: Բացի այդ, հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուին նոր կապերու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման համար:

Իր հերթին, համագումարի նախագահ, փրոֆեսըր Արմէն Չարչեանը առաջարկած է միջոցառման շրջանակէն ներս քննարկել Համահայկական բժշկական համագումարի ստեղծման, ձեռքբերուած համաձայնութիւններու իրականացման վերահսկման համար համակարգող խումբի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ 2023 թուականին Արցախի հետ համագումար իրականացնելու հարցերը:

Ան նաեւ առաջարկած է Արա Բաբլոյեանը ընտրել հայ բժիշկներու միջազգային համագումարի պատուաւոր ղեկավար:

Նշենք, որ համագումարն իր աշխատանքը պիտի աւարտէ 6 յուլիսին: