Այսօր յայտնի դարձաւ, որ Գահիրէ կարեւոր միջնորդութեամբ հանդէս կու գայ մարդասիրական օգնութիւններ Հալէպ հասցընելու գծով: Այս մասին BBC Arabic կայանին յայտնած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին աշխատակից Մոհամմատ Խալլաֆ , որ նաեւ հաւաստած է, թէ Գահիրէ պատրաստ է ամէն գնով զօրավիգ կանգնիլ դժուար կացութեան մէջ եղող սուրիացիներուն: Եգիպտացի դիւանագէտը նաեւ յայտնած է, թէ դրական տեղաշարժ կայ Հալէպի մէջ առկայ հրադադարը մշտական դարձնելու գծով: Նշենք, որ Գահիրէի այս նախաձեռնութիւնը տեղի կ'ունենայ Սուրիոյ ազգային անվտանգութեան գրասենեակի պատասխանատու Զօր. Ալի Մամլուքի վերջերս Գահիրէ տուած այցէն անմիջապէս ետք: Ըստ լրատուական աղբիւրներու Մամլուքի այցը կատարուած է փուլի մը, ուր երեւելի կը դառնայ Գահիրէ- Դամասկոս քաղաքական եւ ռազմավարական մերձեցումը: