Եգիպտոս- Եգիպտոսի պետական ալիքը հաղորդեց, որ եգիպտացի անուանի դերասան Նուր Ալ Շարիֆ այսօր Գահիրէի մէջ կնքեց իր մահկանացուն: Շարիֆ, որ 74 տարեկան էր երկար ժամանակէ ի վեր կը պայքարէր անողոք հիւանդութեան մը դէմ: Օմար Շարիֆէն յետոյ Նուր Ալ Շարիֆ կը համարուի Եգիպտական շարժապատկերի արդի պատմութեան ամէնէն տաղանդաւոր դերասաններէն մին: