ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք պիտի ներկայացնէ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, ԵԿՄ նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը գրաւի դիմաց կալանքէն ազատ արձակելու վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ։ «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը։
«Գլխաւոր դատախազութիւնը ստացել է դատարանի որոշումը, այն հիմնաւոր չէ, եւ Դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք է ներկայացնելու դատարանի որոշման դէմ»,-ըսած է Արեւիկ Խաչատրեանը։
Մանուէլ Գրիգորեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ ապօրինի կերպով ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ պահելու համար, ինչպէս նաեւ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ խումբ մը անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ իւրացման եղանակով իր վստահութեան յանձնուած առանձնապէս խոշոր չափերով ուրիշի գոյք հափշտակելու համար: 16 Յունիսին Մանուէլ Գրիգորեանը ձերբակալուած է, ապա՝ 19 յունիսին, Ազգային ժողովի պատգամաւորներու քուէարկութեամբ, զրկուած է պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ ու դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած: Կալանքի տակ գտնուելու ընթացքին պատգամաւորի պաշտպանները բազմիցս բարձրաձայնած են անոր առողջական խնդիրներու մասին՝ նշելով, որ իրենց պաշտպանեալի կեանքին վտանգ կը սպառնայ: