Յառաջիկայ չորեքշաբթի oր (Պոլսոյ ժամով յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին) Պոլսոյ մէջ տեղապահի ընտրութիւն պիտի կայացուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն:
Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ եւ ըստ եկեղեցական կանոնադրութեան, տեղապահի ընտրութիւնը պիտի կայացնէ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովը:
Տեղապահի պաշտօնին կը յաւակնին պոլսահայ երեք եպիսկոպոսներ ՝ Տ. Գարեգին, Տ. Սահակ եւ Տ. Արամ սրբազաններ: