Չինաստանի Շենչժէն քաղաքին մէջ անձնասպան եղած է երկրի ազգային-ազատագրական բանակի ճեներալ-մայոր, 54-ամեայ Չեն Ցզէն: Այս մասին կը յայտնէ South China Morning Post-ը։ Չեն Ցզէն, որ կը վարէր քաղաքական կոմիսարի պաշտօնը, մեծ վաստակ ունեցած է բանակի մէջ։ Ան իր կեանքին վերջ տուած է պաշտօնի բարձրացումէն մէկ օր առաջ, կը գրէ թերթը։
Korrespondent.net-ի հաղորդմամբ՝ Ցզէնի անձնասպանութիւնը այս շաբաթուայ ընթացքին երրորդ անձնասպանութեան դէպքն է չինացի բարձրաստիճան զինուորականներու շարքերուն։ Դիտորդները այս միջադէպերը հակուած են բացատրել հակափտածութեան գծով եղած հետաքննութիւններու հետ, որոնք կ'իրականացուին երկրի ազգային-ազատագրական բանակի շարքերէն ներս։