ՀՀ-ի մօտ Չինաստանի դեսպան՝ Ֆան Եոն հերքեց ատրպէյճանական Զանգուածային Լրատուական Միջոցներով տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ Ատրպէյճանի մօտ Չինաստանի դեսպան՝ Կո Մինը խօսած է «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» փոխադրային նախագիծին մէջ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ներդրման մասին։
Լրագրողներու հետ զրոյցին, դեսպանը նշեց, որ իրենք քննարկած են Ատրպէյճանի մօտ Չինաստանի դեսպան՝ Կօ Մինի հետ եւ պարզած, որ նման արտայայտութիւն չէ եղած։
«Չինաստան ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի։ Յոյսով ենք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ այս հակամարտութիւնը կարող է լուծուիլ բանակցութիւններու միջոցով, ինչ որ պատերազմէն աւելի լաւ է։ Խնդիրին խաղաղ լուծման համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերը մենք կը գործադրենք մեր ուժերու ներածին չափով։ Այսպիսով մենք կը փորձենք ապահովել տարածաշրջանին մէջ սահմանային անվտանգութիւն»,- նշեց Ֆան Եոնը։
Լուրը՝ «Արմէնփրէս»-էն