Ուաշինկթըն մտահոգուած է Փեքինի կողմէ միջուկային զինանոցի աւելացման ընթացքի արագացմամբ եւ գործնական փոխգործակցութեան կոչ կ'ընէ սպառազինութիւններու ապակայունացնող մրցավազքէն խուսափելու համար: Այդ մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ-ի Պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչ Նետ Փրայսը, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը:
1 Յուլիսին Washington Post-ը, վկայակոչելով փորձագէտներու, հաղորդած է, որ Չինաստանը սկսած է աւելի քան 100 արձակման հորաններու կառուցումը՝ Հանսիւ նահանգին մէջ միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռներու համար:
Փրայսի խօսքով՝ տեղեկութիւնները կը խօսին այն մասին, որ Փեքինի համար «դժուար կը դառնայ» աճող միջուկային ներուժը թաքցնելը: «Մենք գործնական փոխգործակցութեան կոչ կ'ընենք Փեքինին՝ սպառազինութիւններու ապակայունացնող մրցավազքի վտանգները եւ (երկու երկիրներու միջեւ) հնարաւոր ապակայունացնող լարուածութիւնը նուազեցնելու համար»,-ըսած է ԱՄՆ-ի Պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչը: