image

Չի բացառուիր, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը միաւորուի այլ նախարարութեան, լուծարուելու փոխարէն. Նախարար

Չի բացառուիր, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը միաւորուի այլ նախարարութեան, լուծարուելու փոխարէն. Նախարար

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Միխիթար Հայրապետեանը կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ չէ բացառած, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ փակուելու փոխարէն, միաւորուիլ այլ նախարարութեան հետ:

«Սփիւռքի նախարարութիւնը, ի տարբերութիւն այլ նախարարութիւնների, պէտք է լուծարուի: Այս հարցի վերաբերեալ մենք ունենք մեր մտահոգութիւնները, որովհետեւ նախագծով յստակ չէ, թէ այդ գործառոյթները, որոնք իրականացնում է Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ գերատեսչութիւնն է ստանձնելու: Հետեւաբար, Սփիւռքի նախարարութիւնը դրա լուծարման վերաբերեալ մտահոգութիւնները յայտնել է քաղաքական թիմին»,- ըսած է ան:

Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է նախարարութիւնը մնայ առանձին նախարարութիւն, ան պատասխանած է, որ Դիլիջանի մէջ վարչապետը արդէն յայտարարած է, որ քաղաքական որոշման համաձայն՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի լուծարուի: «Սակայն այդ փաստաթղթով ուղղակիօրէն խօսւում էր լուծարման մասին: Եւ այն աշխատակիցները, ովքեր հանդէս էին գալիս դժգոհութիւներով, ես ինքս կիսում եմ այս դժգոհութիւնները: Համակարգային առումով ինձ համար չափազանց կարեւոր է ապահովել գործառոյթների ժառանգականութիւնը: Եւ մեզ համար կարեւոր է  հասկանալ, թէ որ հիմնարկն է իրականացնելու այդ գործառոյթները, ինչը յստակ մատնանշուած չէ այդ փաստաթղթում:  Եւ ես ինձ թոյլ կը տամ համարձակուել ու ասել, որ փաստաթղթում, անշուշտ, կը լինեն փոփոխութիւններ՝ հիմնուած առաջարկութիւնների ու մտահոգութիւնների վրայ»,- ըսած է ան:

Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է, որ նախարարութիւնը միաւորուի այլ նախարարութեան հետ, եւ ոչ թէ լուծարուի, Հայրապետեանը պատասխանած է՝ ամենաեն հաւանականութեամբ՝ այո: