Չեխիայի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան տեղեկատւութեան համաձայն՝ Չեխիան աւարտած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման գործընթացը: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեանը:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսէլի մէջ, 24 նոյեմբեր 2017-ին: Այն վաւերացուցած է 13 պետութիւն՝ Հայաստան, Պուլկարիա, Դանիա, Էսթոնիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Լիթուա, Լաթվիա, Լիւքսեմպուրկ, Մալթա, Լեհաստան, Ռումանիա, Գերմանիա, Ֆինլանտա: