image
Հրատապ լուրեր:

Մոնթրէյի համաձայնագիրը, ձերբակալուած ծովակալները եւ ... Էրտողան

Մոնթրէյի համաձայնագիրը, ձերբակալուած ծովակալները եւ ... Էրտողան

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են 10-է աւելի բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնք կիրակի օրը յայտարարութիւն տարածած էին՝ դատապարտելով իշխանութիւնները Մոնթրէոյի դաշնագիրէն դուրս գալու համար։

Մոնթրէոյի՝ 1936-ի դաշնագիրը, որ կը գործէ մինչ այսօր՝ Սովետական Միութեան, Թուրքիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Յունաստանի, Հարաւսլաւիոյ, Աւստրալիայի եւ Ճափոնի մասնակցութեամբ Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի աւարտին ստորագրուած դաշնագիրն է, որ կը նախատեսէ, թէ բոլոր սեւծովեան պետութիւններու ռազմանաւերը (առեւտրային եւ այլ նաւերու չի վերաբերիր) կրնան ազատ ելեւմուտք ընել Տարտանելի եւ Պոսփորի նեղուցներով՝ այն պայմանով, որ պէտք է նախապէս անոր մասին տեղեկացուցած ըլլան թրքական իշխանութիւնները: Իսկ ոչ սեւծովեան պետութիւններու ռազմանաւերուն համար կայ յստակ սահմանափակում՝ միայն մանր եւ ոչ մեծ տարողութեամբ ռազմանաւերուն թոյլ կը տրուի մուտք գործել նեղուցներ (հսկայական օդանաւակիրները, անշուշտ, չեն մտներ այդ ցուցակին մէջ):

Ի դէպ, Թուրքիա բազմիցս խախտած է այս դաշնագիրի դրոյթները՝ մասնաւորապէս, կէտերէն մէկուն համաձայն, եթէ Թուրքիան չի մասնակցիր պատերազմի, ապա պարտաւոր է փակել նեղուցները որեւէ պետութեան համար: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Թուրքիան խախտած էր այս դրոյթը (երկիրը պաշտօնապէս համարուած էր չէզոք երկիր) եւ թոյլատրած է նացիական նաւերու մուտքը՝ Սեւ ծով:

Անցեալ կիրակի օր, 102 պաշտօնաթող ծովակալներ յայտարարութիւն տարածած էին, որուն մէջ կը դատապարտէին Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ Մոնթրէոյի դաշնագիրէն դուրս գալու մասին խօսակցութիւնները քաղաքական դաշտ նետելու համար։

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ նախատեսուած է կառուցել «Պոլսոյ ջրանցք»ը, որմէ  ետք Պոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցները, որոնք Սեւ եւ Միջերկրական ծովերը իրարու կը կապեն, պիտի կորսնցնեն իրենց բարձր կարեւորութիւնը։

Ըստ ծովակալներուն՝ Մոնթրէոյի դաշնագիրը Լոզանի դաշնագիրի եզրափակումն էր, որով կը սահմանուէին Թուրքիոյ ներկայ սահմանները եւ այն նկատուած էր թրքական դիւանագիտական յաղթանակներէն մին։

Նշենք, որ Մոնթրէոյի դաշնագիրի շնորհիւ Թուրքիան կարողացաւ չէզոքութիւն պահել կնքումէն 3 տարի յետոյ սկսած Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, եւ միայն պատերազմի աւարտին, երբ Գերմանիան արդէն պարտուած էր, պատերազմ յայտարարեց նացիներուն դէմ։

Թուրք ծովակալները 2016-ի Յուլիսէն ի վեր բազմիցս ենթարկուած են յարձակումներու իշխանութիւններուն կողմէն՝ մեղադրուելով Ֆեթուլլահ Կիւլենին աջակցելու մէջ։ Ծովակալները մտավախութիւն ունին նաեւ, որ Մոնթրէոյի դաշնագիրէն դուրս գալը հարուած պիտի ըլլայ Աթաթուրքի ստեղծած արժէքներուն, որուն կը վերագրուի դաշնագիրը ստորագրելու յաղթանակը։

Նշենք նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ դաշնագիրէն դուրս գալու մասին խօսակցութիւնները սկսած են այն եղելութենէն յետոյ, երբ Էրտողան ստորագրեց Պոլսոյ համաձայնագիրէն դուրս գալու մասին հրամանագիրը։  Անկէ յետոյ, թուրք լրագրողները հարցուցած էին Թ.Ա.Մ.Ժ. նախագահ Մուսթաֆա Շէնթոփին, թէ արդեօք Էրտողան կրնա՞յ է նոյն կերպով՝ գրիչի մէկ հարուածով դուրս գալ նաեւ Մոնթրէոյէն, Շէնթոփ պատասխանած էր, որ Թուրքիա կրնայ դուրս գալ որեւէ համաձայնագիրէ՝ նոյնիսկ Մոնթրէոյէն, սակայն նման քայլ անտրամաբանական պիտի ըլլար։    

Նիւթը՝  «Ազատ օր»էն