image

«Չարեաց փոքրագոյն»ը

«Չարեաց  փոքրագոյն»ը

Այն, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը արդէն  ինը տարիէ ի վեր  կը շարունակէ  մնալ թափուր, արդէն«չարիք» է:

«Չարիք» ոչ միայն  պոլսահայ համայնքին,  այլ ամբողջ հայութեան համար:

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին  բաւական «աքթուալ»  դարձած   Պոլսոյ  Աթոռի  թեման կը կարեւորուի,ոչ  միայն   նոր Պատրիարք մը ընտրել- չընտրելու  խնդրով, այլ այդ Աթոռին հետ կապուած   կան  բաւական  նուրբ     թելեր, որոնց մասին պարտաւոր ենք    բարձրաձայնել բոլորս:

Մէկ կողմ  թողնելով հանրութեան համար  խիստ կարեւոր այս քննարկումները, յիշեցման կարգով պէտք է  ըսել, որ երէկ Մայր Աթոռի մէջ   իրենց   աւարտին հասած  խորհրդակցութիւնները դրական  արդիւնք մը բերին  այս     «տագնապ»ին:

 Ճիշդ է  նաեւ, որ հայութեան  կարեւոր մէկ հատուածին համար    հիմնականը     Պատրիարաքական ընդհանուր  փոխանորդի իր պաշտօնէն հրաժարականն էր,  բայց եթէ  խորհինք  Մայր Աթոռի   հարցերը հարթելու համար   նախաձեռնուած այս պատմական հանդիպումներուն մասին, ապա  այլ ձեւակերպում  պիտի տանք   ընդհանուր  իրավիճակին:

Յստակ է նաեւ, որ Ամենայն  Հայոց    Վեհափառ  Հայրապետին  համար     կարեւոր   եւ «ոսկի  կանոն» էր   այն, որ այս  ժողովէն ոչ ոք  հեռանայ «պարտուած ըլլալու»  հոգեբանութեամբ:

Ու այս  ծիրին  մէջ  պէտք է տեղադրել    Արամ Աթէշեան Սրբազանին մինչեւ  յառաջիկայ    15 մարտը իր պաշտօնին  վրայ  շարունակել մնալու       «որոշում»ը:

Այդ  օր է  նաեւ, որ Պոլսոյ նոր Պատրիարքի  ընտրութիւնը   պիտի դրուի «տաք  կրակ»ի վրայ եւ    սկիզբ  պիտի առնէ  ընտրական ամբողջ  գործընթաց մը, որ պիտի պսակուի  նոր Պատրիարքի  ընտրութեամբ:

Հիմա   բոլոր վէճերը, սրացումները, ատելավառ    խօսքերը  հարկ է, որ մէկդի դրուին:

Եւ յստակ է նաեւ, որ ընտրութեան դաշտը բաց է  բոլորին համար:

Բոլոր      թեկնածուները  պարտաւոր են  վերատեսութեան  ենթարկել իրենց ընդհանուր «քաղաքականութիւն»ը եւ ըստ  այնմ անցնիլ գործի:

Երէկ   Մայր Աթոռին կողմէ    հրապարակուած որոշումները  կարեւոր  էին   այն առումով, որ   յետ այսու  ետ դարձ չկայ   Սահակ Սրբազանի հրաժարականէն   առաջ   առկայ վիճակին:

Համայնքը     հիմա ալ կը գտնուի  սպասողական վիճակի մը մէջ  ու     Մայր Աթոռի      ներկայացուցած     այս    ճանապարհային քարտէզը  վստահաբար «Չարեաց փոքրագոյն»ն է, մինչեւ որ նոր   արեւոտ հանգրուան մը  երեւայ այնքան   մառախլապատ դարձած Պոլսոյ  Պատրիարքարանի  երկնակամարին վերեւ:

   Ս.Ա.