«Գրեթէ միաձայն Պունտեսթակը ճանչցած է հայերու ցեղասպանութիւնը, հետեւաբար միայն Գերմանիոյ Պունտեսթակը կրնայ այդ բանաձեւը տնօրինել, քանի որ Պունտեսթակը` որպէս սահմանադրական մարմին, որոշում կայացուցած է այդ բանաձեւին բովանդակութեան եւ կառուցուածքին վերաբերեալ»,–հայրենի «Մետիամաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ազգութեամբ թուրք գերմանացի խորհրդարանական Ճէմ Օզտէմիր: Օզտէմիր, որ Գերմանիոյ «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահն է, նաեւ հաստատած է, որ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը բեկանման ենթակայ չէ: Անոր խօսքով, Գերմանիոյ Դաշնային կառավարութիւնը կը կիսէ այն տեսակէտները, որոնք ներկայացուած են բանաձեւին մէջ: Օզտէմիր շեշտած է, որ բանաձեւի ընդունմամբ գերմանացի խորհրդարանականները նախ եւ առաջ ցանկացած են ընդգծել, որ այսօրուայ Գերմանիան կ՛ընդունի 1915 թուականին տեղի ունեցածին մէջ Գերմանական կայսրութեան մեղքը եւ ձախողումը: «Երբէք նպատակ չենք հետապնդած ինչ-որ կերպ մեղադրել Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները: Մենք յոյս ունինք, որ Թուրքիան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ եւ քննարկումներ կը կազմակերպուին այս թեմայով: Կարեւոր է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան զարգացնեն լաւ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ»,–ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Օզտէմիր «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 եւ 1916 թուականներուն հայերու ու միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ դատապարտման մասին» բանաձեւին հեղինակն է: Բանաձեւը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած էր 2016 թուականի 2 յունիսին: