Ափրիկէի մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարող «Բժիշկներ առանց սահմաններու» բարեգործական կազմակերպութեան աշխատակիցները նոր խայտառակութեան մէջ ներգրաւուած են, կը հաղորդէ «BBC» լրատուական ցանցը:
Վերջիններս Ափրիկէի մէջ երիտասարդ աղջիկներու եւ կիներու դեղեր տրամադրելու դիմաց անոնց պարտադրած են սեռական յարաբերութիւններ ունենալ իրենց հետ:
Դէպքին անդրադառնալով, կազմակերպութեան նախկին աշխատակիցներէ մէկ քանին յայտնած է, որ նշուած երեւոյթը լայն տարածում ունեցած է: Վերջիններս իրենց ականատես եղած դէպքերու շուրջ վկայութիւններ տալով հաստատած են, որ կազմակերպութեան մէջ բարձր պաշտօններ զբաղեցնող անձեր շատ յաճախ փոքր տարիքով աղջիկներ հրաւիրած են իրենց գրասենեակ, սակայն ոչ ոք համարձակած է բողոքել այդ մարդոց դէմ, որովհետեւ անոնք բարձր պաշտօնի տէր էին:
Վկաները նշած են նաեւ, որ էփոլա հիւանդութեան հետեւանքով իրենց ծնողները կորսնցուցած աղջիկները պատրաստ էին ամէն գնով դեղորայք ձեռք բերել, հետեւաբար կը համաձայնէին տեղի դիմաց զոհողութիւններու երթալ:
«Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնն իր հերթին յայտարարած է, որ պէտք է յաւելեալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ հաւաքել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ քննութիւն սկսիլ հարցին շուրջ: