Այսօր կէսօրուան ժամերէն սկսեալ բողոքի մեծ ցոյցեր եղած են Պէյրութի մէջ: Պէյրութի կեդրոնական «Ռիատ Ալ Սոլհ» հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր ցուցարարներ կառավարութիւնէն կը պահանջեն չեղեալ համարել օրեր առաջ տարբեր ոլորտներու մէջ սահմանուած նոր տուրքերը: Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ ցոյցի շրջանը հասնելով յայտարարած է, որ կառավարութիւնը մեծ ճիգեր պիտի իրականացնէ պայքարելու համար փտածութեան դէմ: Ըստ «Ալ ժատիտ» կայանին մինչ վարչապետ Հարիրի իր խօսքը կ'ուղղէր մաս մը ցուցարարներ կերպընկալէ շիշեր նետած են անոր ուղղութեամբ: Աւելի ուշ վարչապետը Թվիթըրեան գրառում մը կատարելով ցուցարարներէն պահանջած է կազմել յատուկ մարմին մը եւ ներկայացնել իրենց պահանջները կառավարութեան: Իր կարգին ոստիկանութեան մէկ բանբերը ցուցարարներէն պահանջած է քաղաքակիրթ ձեւով հեռանալ Պէյրութի գլխաւոր հրապարակէն:
