image

Բողոքի ցոյցեր օր 16. Դրամատուները կը բացուին. Կը սպասուի Նասրալլայի խօսքը

Բողոքի  ցոյցեր օր  16. Դրամատուները  կը բացուին. Կը սպասուի Նասրալլայի  խօսքը

Լիբանան  այսօր կը թեւակոխէ  բողոքի ցոյցերու 16-րդ օրը։ 

Երէկ երեկոյան կարգ մը ցուցարարներ, յատկապէս հիւսիսային շրջաններու մէջ, փակած են ճանապարհներ, բայց ընդհանրապէս փողոցներուն մէջ բողոքի ալիքի  նուազում նկատուած է։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ երկրի նախագահ  զօր. Միշէլ  Աունի  պատկերասփռուած  խօսքէն ետք բողոքարարներ շարունակած են հաստատուն մնալ իրենց պահանջներուն մէջ եւ նոյնիսկ  պահանջել երկրի նախագահին  հրաժարականը։

Միւս կողմէ եւ կարեւոր զարգացումով մը Լիբանանի տարածքին գործող  դրամատուները երկու շաբթուան բացակայութենէ ետք  այսօր կը վերադառնան   աշխատանքի։

Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի հասարակութեան  համար կայ որոշ  սպասողական  վիճակ, այն առումով, որ  լիբանանցիք պիտի հետեւին «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի խօսքին եւ կը սպասուի, որ շիիթ  առաջնորդը  կարեւոր շեշտադրումներ կատարէ կապուած երկրին մէջ տիրող վիճակի վտանգաւորութեան, ինչպէս նաեւ  իրենց կուսակցութեան կեցուածքին ու կարծիքը  տայ  ապագայի  հաւանական  սենարներուն մասին։