image

Բրիտանիա կ'ուզէ Իրաք վերադառնալ

Բրիտանիա կ'ուզէ Իրաք վերադառնալ

Մեծն Բրիտանիա մտադիր է իր ազդեցութեան գօտիները ծաւալել եւ Իրաք վերադառնալ: Բրիտանացիք, որ վերջին տարիիներուն իրենց «ձեռքերը լուացին» եւ դարձան լուռ «հանդիսատես» Իրաքի մէջ կատարուող զարգացումներուն, բաւական անսպասելի քայլով մը ծրագրած են ոչ միայն իրենց «խաղաքարտեր»ը ցոյց տալ, այլ մասնակցիլ Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաքի՝  Մուսուլի ազատագրման: Այս մասին աւելի յստակ խօսած է Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար  Մայքըլ Ֆալոն, որ օրերս Պաղտատ այցելով հանդիպումներ ունեցած է, իրաքցի իր գործընկերներուն հետ: Ֆալոն նաեւ վստահեցուցած է, որ բրիտանական մասնայատուկ ուժեր մասնակցութիւն պիտի բերեն Մուսուլի`    Տահէշի լուծէն ազատագրման գործընթացին, որ իր ըսելով սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ շաբաթներուն:

Նշենք, որ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը իրաքեան Մուսուլ քաղաքը իր տիրապետութեան տակ առած էր յունիս 2014-ին:

Մուսուլ ապրող շուրջ 70 հայ ընտանիքներ ստիպուած եղած էին քաղաքի հոգեւոր հովիւ  Տ. Առաքելի հետ  (վախճանեալ 2016-ին Իրպիլ)  իրենց ունեցուածքը լքելով հեռանալ դէպի Իրաքի Քիւրտիստանի շրջաններ եւ հոն բնակութիւն հաստատել:

Ինչ կը վերաբերի Բրիտանիոյ այս «նոր մօտեցման», պէտք է նկատի առնել, որ Իրաք կը համարուի «բրիտանական փոսթ» մը, սակայն Միացեալ Նահանգներու Իրաքի վերաբերեալ մշակած քաղաքականութեան արդիւնքով բրիտանացիք սկսան հանդէս գալ «դիտորդ»ի դերով:

Այս բոլորին առընթեր երեւելի է նաեւ, որ պաշտօնական Լոնտոն Իրաքի հարցով Ամերիկայի ունեցած խարխափումներէն օգտուելով պիտի փորձէ Պաղտատի մօտ եղող իր ունեցած հին խաղաքարտերը վերստին կեանքի կոչել:

Ամէն պարագայի յառաջիկայ ամիսները այս հարցումներուն վերաբերալ պիտի կարողանան աւելի յստակ պատասխաններ ձեւակերպել: