image

Բրիտանական պատուիրակութիւն մը Հիւսիսային Սուրիա կը գտնուի. Պատճա՞ռը

Բրիտանական պատուիրակութիւն մը Հիւսիսային Սուրիա կը գտնուի. Պատճա՞ռը

Բրիտանական պատուիրակութիւն մը, երեքշաբթի օրուընէ ի վեր կ'այցելէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը, հաստատելու համար քիւրտերուն աջակցելու իր դիրքորոշումը, որոնք կռուեցան «Տահէշ»ի դէմ եւ այսօր թրքական սպառնալիքի տակ կը գտնուին: Այս մասին «Ալ-Ժատիտ»ի համաձայն, կը հաղորդէ «Agence France-Presse»- ը:

«Մենք այստեղ ենք ձեզի հետ երկարատեւ յարաբերութիւններ հաստատելու համար, աջակցելու ձեզի՝ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ'ուզեն քանդել ձեր ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը», -Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ  յայտարարած է խորհրդարանի բրիտանացի պատգամաւոր Մորմոն Կրանտմըն, աւելցնելով՝ «Մենք այստեղ ենք արտայայտելու համար մեր սրտէն բխած զօրակցութիւը՝ ձեզի»:

Պատուիրակութիւնը իր այցի ծիրէն ներս այսօր պիտի այցելէ Քոպանի կամ Արաբունար քաղաք, որ 2015-ի քիւրտերու եւ «Տահէշ»ի միջեւ ամենաթէժ մարտերու վայր եղած էր: Այցելութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ Ռոճ Աւա քաղաքի մէջ տիրող իրավիճակին ծանօթանալը, ինչպէս նաեւ Աֆրինի հարցի եւ գաղթականներու ապագայի մասին քննարկումերը: