Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը արդիւնաւէտ անուանած է ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Թուրքիոյ առաջնորդ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ հանդիպումը: Այս մասին յայտնած է RT-ն:
«Մենք դրական եւ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցանք», -ըսած է Պայտընը ԹԱՍՍ-ին:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Պայտընը նշած է ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջանածիրէն ներս Էրտողանի հետ բանակցութիւններու թեմաները: