«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ վերջին ամիսներուն Գանատա հաստատուած հալէպահայ հասարակական գործիչ Յովիկ Թանաշեան
-Այսօր ծայր աստիճան լարուած են Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ առաջին անգամը չէ, որ այս լարումը կայ, Ձեր կարծիքով այս անգամ իրապէս երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները ջրբաժանի կը հասնի՞ն, այլ խօսքով արդեօ՞ք Իսրայէլ եւ Թուրքիա կը թշնամանան:
Առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ- Թուրքիա յարաբերութիւնները կը վատթարանան:Իմ կարծիքով նորութիւն չէ այս շինծու լարուածութիւնը, քանի որ երկուքին ալ հիմնական շահերը նոյն երեւոյթներէն կը բխին, այսինքն իրար չեն հակասեր: Այլ խօսքով ե՛ւ Իսրայէլը, ե՛ւ Թուրքիան, թէկուզ ժամանակի տարբերութեամբ տարածաշրջանին մէջ «ցանուած» պետութիւններ են:
Անշուշտ պատահական չէ անոնց գոյութիւնը եւ անոնց ներկայութեամբ միջազգային կարգ մը ուժեր նպատակ ունին տնօրինել Միջին Արեւելքի հարստութիւնները, այնպէս որ կարելի չէ մտածել, որ հիմնական ինչ որ տարակարծութիւններ կան Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ մէջեւ: Հիմա եթէ հիմք ընդունինք, որ Թուրքիան որոշակի չափով կրօնական ուղղութիւն բռնած է: Թուրքիա ի հակասումն արաբներուն, որոնք իրենց ազգայինը կ'ոտնահարեն՝ յանուն կրօնականին, կրօնականի ետեւ պահուըտելով իր ազգային շահերը կը հետապնդէ: Երեւելի է նաեւ, որ Թուրքիան երբեք իր կրօնական մօտեցումներու համար իր ռազմավարական շահերը չի վտանգեր, ընդհակառակը: Անգարա նաեւ ստիպուած է այս շրջանին իր համագործակցութիւնը աւելի ամրապնդել Իսրայէլի հետ, քանի որր Թրամբի վարչութեան ներքոյ, Իսրայէլի դիրքորոշումը շատ աւելի էական է: Կայ նաեւ Սուրիոյ պարագան, ուր Անգարա իր ունեցած ախորժակներուն յագուրդ տալու համար անհրաժեշտութիւնը կը զգայ ինչ որ ձեւով Իսրայէլի հետ համագործակցելու: Հտեւաբար կարելի է ընդունիլ, որ այս երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ ընդհանրումի ճանապարհով պիտի չերթան:
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլ- Պաղեստին ճակատումներու մարդկային երեսին, ապա նոյնպէս յստակ է, որ այսօր Թուրքիան պատրաստ չէ 50-60 պաղեստինցի զոհերու պատճառով երկար տարիներէ ի վեր իր որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը փոխել: «Մաւի Մարմարա» նաւու պատահարի օրերուն մենք «մարդկային» մօտեցումներ եւ բողոքի ձայներ լսեցինք, բայց այդ բոլորէն ետք Թուրքիան անգամ մը եւս էջը դարձուց եւ նոր էջ մը բացաւ:
Համոզուած եմ, որ այս երկու երկիրները լայն միջոցներ ունին պահպանելու համար իրենց «ընդյատակեայ», այնպէս որ կարելի չէ որեւէ յոյս դնել անոնց բախումի երթալու տուեալին վրայ: