Յունիս 26-ին արձանագրուած է պայմանագրային զինծառայողի մահուան դէպք։ Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն։
Նշուած է, որ պայմանագրային զինծառայող Ռ.Խ.-ի մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ:
Քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն, կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական եւ վարութային այլ գործողութիւններ:
Զինծառայողի մահուան դէպքի մասին Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դեռ հաղորդագրութիւն չէ տարածած։