image

Բաց Նամակ համայն հայութեան մասնաւորապէս հայ կաթողիկէ համայնքի անդամներուն

Բաց Նամակ համայն հայութեան մասնաւորապէս հայ կաթողիկէ համայնքի անդամներուն

Խոր ցաւով կարդացի 22 օգոստոս - 1 սեպտեմբեր 2017-ին Լիբանանի հայ կաթողիկէ Զմմառի վանքին մէջ կայացած Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսէն բխած 2 սեպտեմբեր 2017 թուականը կրող հաղորդագրութիւնը: Նման գրութիւն կրնային լոյս ընծայել աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը գտնուող կաթողիկէ կառոյցները՝ Չիլիէն մինչեւ Ֆիլիփփին, Գամերունէն մինչեւ Արժանթին, Եւրոպայէն մինչեւ Չինումաչին:

Արդարեւ, հաղորդագրութեան վեց կէտերուն մէջ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱԿՆԱՐԿ իսկ չկայ ողջ հայութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն մասին, նոյնիսկ Հայաստան սուրբ բառը չի յիշատակուիր: Եթէ Միջին Արեւելքի ու մասնաւորապէս Լիբանանի քրիստոնեաներուն – այդ շարքին՝ այդ տարածաշրջանի երկիրներու հայութեան – դիմագրաւած հիմնական լուրջ հարցերը տեղ գտած են հաղորդագրութեան մէջ, այն ալ ՝ անոր առաջին երկու կէտերուն մէջ, ՀԻՄՆՈՎԻՆ ԿԸ ԲԱՑԱԿԱՅԻՆ ԲՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՈՒ ԱՆՈՐ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ԼՐՋԱԳՈՅՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ՝ մարմնապէս եւ հոգեպէս հայրենալքումը (ոմանք այդ կը նկատեն արտագաղթ, մինչդեռ այդ երեւոյթին ճիշդ բնորոշումը հայրենալքում/հայրենադաւութիւնն է), Հ. Հ.ի եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ համատարած ընտրակեղծիքները եւ առհասարակ կեղծիքները, պետական ու ազգային անվտանգութեան սպառնացող աղանդաւորական գործունէութիւնը, ժողովրդավարութեան ստապատիր-պատրանքային գոյութիւնը, դատական համակարգի ծաղրական գոյութիւնը, փչացածութիւնը (օտար բառով՝corruption) եւ բազմաթիւ այլ հարցեր:

Այս բոլորէն ետք իրաւունք չունի՞նք հարց տալու հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներուն՝ արդեօք ձեր ազգային ինքնութիւնը որեւէ կապ ունի՞ հայութեան հետ, աւելի պարզ ըսած՝ Դուք հա՞յ էք, թէ՞ ուրիշ ազգութիւն ներկայացնող հոգեւորականներ, կամ ալ՝ ընդհանրապէս որեւէ ազգութիւն չունիք:

Կ՛արժէ այս առթիւ յիշեցնել մեր օրերէն աւելի քան հարիւրամեակ առաջ Ռափայէլ Պատկանեանի հեղինակած ՀԱՅՈՒՆ ԹՈՒՔԸ քերթուածը, որուն ընթերցումը խորհուրդ կու տանք սիւնհոդոսական գերապայծառ հայրերուն եւ մէկ գերեջանիկ հօր, որպէսզի մենք ալ այս մասին լուսաբանուելով՝ իրենց պէս պայծառանանք ու երջանկանանք…

 

Գէորգ Եազըճեան

Երեւան, 7 սեպտեմբեր 2017