Ազրպէյճանի մէջ 12-18 նոյեմբերին լայնամաշտաբ զօրավարժութիւններ կ'իրականացուին՝ 60 000 զինծառայողի մասնակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը՝ վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան: Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի ինքնաթիռներու եւ ուղղաթիռներու 50 միաւոր, աւելի քան 150 միաւոր թանկ, ինչպէս նաեւ հրթիռային զօրքերու եւ հրետանիի շուրջ 700 համակարգ:
Զօրավարժութիւնները կ'իրականացուին «դաշտային պայմաններու մէջ զօրքերու եւ սպառազինութեան կառավարման համակարգը ստուգելու համար»: