Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել արցախեան սահմանին վրայ 1994 -էն ի վեր առկայ հրադադարը: Այս մասին տեղեկանքը փոխանցեց ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը, որ նաեւ հաղորդեց, թէ երէկ գիշեր ոսոխը հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1800 կրակոց: Հայկական սահմանապահ ուժերը համապատասխան կրակ պատասխան տալով լռութեան մատնած են թշնամիի դիրքերը: