image

ԱԺ պատգամաւորներուն 1/3-ը Նիկոլ Փաշինեանը առաջադրած են Վարչապետի թեկնածու

ԱԺ պատգամաւորներուն 1/3-ը Նիկոլ Փաշինեանը առաջադրած են Վարչապետի թեկնածու

Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն 1/3-ը Նիկոլ Փաշինեանը առաջադրեց վարչապետի թեկնածու:  Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Լենա Նազարեան:

«Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջարկած են «Ելք»-ի, «Ծառուկեան» խմբակցութեան եւ «Հանրապետական» խմբակցութենէն հեռացած 4 պատգամաւորներ` Արսէն Միխայլով, Կնեազ Հասանով, Տաճատ Վարդապետեան ու Շիրակ Թորոսեան»,-ըսած է Նազարեան:

Նշենք, որ 30 Հոկտեմբերը վարչապետի 2-րդ ընտրութեան համար թեկնածու  առաջադրելու վերջնաժամկէտն է:

Վարչապետի 2-րդ ընտրութեան համար Սահմանադրութեամբ նախատեսուած փուլի եօթնօրեայ ժամկէտի վերջին օրը` 31 Հոկտեմբերին, ժամը 12:00-ին իրաւունքի ուժով պիտի գումարուի Ազգային ժողովի յատուկ նիստ այս հարցի վերաբերեալ որոշում կայացնելու նպատակով:

1 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութեան 2-րդ փուլի քուէարկութիւնը, որու արդիւնքով վարչապետ չընտրուելու պարագային Ազգային ժողովը պիտի արձակուի իրաւունքի ուժով եւ Հանրապետութեան նախագահը պիտի ընդունի հրամանագիր` Ազգային ժողովը արձակելու եւ արտահերթ ընտրութիւն նշանակելու մասին: