image

ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները՝ 9 դեկտեմբերին. նախագահը հրամանագիր ստորագրած է

ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները՝ 9 դեկտեմբերին. նախագահը հրամանագիր ստորագրած է

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ նշանակելու մասին:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հրամանագրին մէջ, մասնաւորապէս ըսուած է.

«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 92-րդ եւ 93-րդ յօդուածների պահանջները եւ հաշուի առնելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 3-րդ մասի համաձայն Ազգային ժողովի՝ իրաւունքի ուժով արձակումը.

1. Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը նշանակել 2018 թուականի դեկտեմբերի 9-ին:

2. Սոյն հրամանագիրն ուժի մէջ է մտնում պաշտօնական հրապարակմանը յաջորդող օրուանից»:

Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովը երէկ արձակուեցաւ օրէնքի ուժով այն բանէն ետք, երբ երկրորդ անգամ վարչապետ չընտրուեցաւ: Վարչապետի միակ թեկնածուն ներկայիս պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն էր: