Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Ուրֆա քաղաքին մէջ բնակիչները յարձակած են սուրիացի գաղթականներու աշխատատեղերուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը։
Իրավիճակի սրման պատճառ դարձած են սուրիացիներու դէմ սադրիչ յայտարարութիւնները, երբ լուր տարածուած է, թէ Ուրֆա բնակող սուրիացի երիտասարդներէն մէկը վիճած է թուրք ոստիկանի մը հետ:
Ուրֆայի բնակիչները յարձակած են սուրիացիներու խանութներուն եւ այլ աշխատատեղերու դէմ եւ բղաւած` «թող ջարդուի ոստիկանի վրայ երկարած ձեռքը», «այստեղ սուրիացի տեսնել չենք ուզեր»:
Սկսած մեծածաւալ բախումներուն պատճառով ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է քաղաքի սուրիական թաղամաս մտցնել զրահապատ մեքենաներ, փակել թաղամասին մուտքը եւ ուժեղացնել տարածքին վերահսկողութիւնը: