image

Այսօր ալ մենք համատեղ ջանքերով կը հարթենք 28 տարի առաջ ընտրած մեր ուղին. Բակօ Սահակեան

Այսօր ալ մենք համատեղ ջանքերով կը հարթենք 28 տարի առաջ ընտրած մեր ուղին. Բակօ Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Սեպտեմբերին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ վարչութիւնը, ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արցախի իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունէն ի սրտէ կը շնորհաւորեմ  ձեզ Արցախի Հանրապետութեան օրուան` մեր կարեւորագոյն պետական տօնին առթիւ:

1991 թուականի 2 Սեպտեմբերին մեր ժողովուրդը իրականութիւն դարձուց իր բազմամեայ նուիրական երազանքը` ինքնուրոյն տնօրինել սեփական ճակատագիրը, ապրիլ ազատ ու անկախ հայրենիքին մէջ` պահելով ու փայփայելով ազգային արժէքներն ու աւանդոյթները, հաւատքն ու լեզուն: Այդ մէկը  դժուար, բայց եւ պատուաբեր ճանապարհ էր, որ մենք անցանք մայր Հայաստանի ու սփիւռքի մեր քոյրերու ու եղբայրներու հետ ձեռք ձեռքի` միասին յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները, միասին կերտելով մեծ յաղթանակներ:

Եւ այսօր ալ մենք համատեղ ջանքերով կը հարթենք 28 տարի առաջ ընտրած մեր ուղին` պաշտպանելով ու զարգացնելով Արցախի Հանրապետութիւնը, հետեւողականօրէն ու շարունակաբար ամրապնդելով մեր անկախ ու ժողովրդավարական պետութիւնը, ամուր հիմք դնելով սերունդներու յուսալի ապագային համար:

Թանկագի՛ն հայրենակիցներ,

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս յիշարժան տօնին առթիւ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ` ի փառս մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու ժողովուրդի բարօրութեան»: