Թուրքիա- (CNN-Turk-Պոլիս)-Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պէքիր Պօզտաղի կարծիքով, երէկ Թուրքիոյ մէջ պատահած «յեղաշրջման փորձ»ը կատարուած է Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի հետեւորդներուն ձեռամբ: Պօզտաղ այս մասին կարծիք յայտնած է, Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ ու նաեւ ըսած, թէ երկիրը մեծ վնասներու ենթարկուած է: Իր կարգի, խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Գահրաման հակիրճ խօսքով մը հանդէս գալով նկատել տուած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ալ չի գործեր յեղաշրջումներու մեթոտը: Ան նաեւ ըսած է, որ ժողովուրդը երէկ իր կեցուածքով վերջնականապէս փակեց զինուորական յեղաշրջումներու ժամանակահատուածը: