Թուրքիա- («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) -Այսօր Պոլսոյ մէջ նոր ձերբակալութիւններ կատարուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ 28 յունիսին եղած պայթումին առընթեր ձերբակալուածներուն թիւը հասած է 37-ի: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ահաբեկչական պայթումը, որուն հետեւանքով սպաննուած էին 45 անձեր, պատրաստուած ու գործադրուած է իսլամիստ ծայրայեղականներու կողմէ: