image

Ասատ Ամէն Գնով Պիտի Պայքարի Ահաբեկչութեան Դէմ

Ասատ Ամէն Գնով Պիտի Պայքարի Ահաբեկչութեան Դէմ

Սուրիա- («Ալ-ժատիտ»- Պէյրութ)- Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած «Դիմադրութեան օժանդակութեան համար արաբական եւ իսլամական հաւաք»ի հանդիպման ընթացքին նշած է, որ «քաղաքական լուծման հնարաւորութիւն չի կրնար ըլլալ իր որոշումին տէրը չեղող ընդդիմութեան մը հետ», աւելցնելով, թէ «բանակցութիւնները այժմ կը շարունակուին անոնց տէրերուն հետ», ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Տէ Միսթուրայի միջոցաւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ» նշելով, որ Ասատ նաեւ յայտնած է, թէ «ահաբեկչութեան դէմ առնելու լուծում մը գոյութիւն չունի, բացի միասնական կերպով անոր դիմադրելէ եւ յաղթելէ. եւ այդ յաղթանակի իսկական գրաւականը ռազմական վճռակամութիւնն է, ու Սուրիոյ հաշտեցումներու տրամաբանութեան ամրապնդումը», ըսած է Ասատ, շեշտելով, թէ ինչ կը վերաբեր վարչակարգի յետագայ ձեւակերպման, անոր գործելաոճին, ձեւին եւ ապագային, ապա անոնք հարցեր են, որոնք միայն սուրիոյ ժողովուրդի կողմէ կ'որոշուն:

Միւս կողմէ, նկարագրելով սուրիա-ռուսական յարաբերութիւնները, Ասատ նշած է, որ անոնք «գերազանց» վիճակ մը կը պարզեն, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին «պատմական առաջնորդ եւ ճշմարիտ դաշնակից» անունաելով: Ան նաեւ ըսած է. «Մենք մեծ վստահութիւն ունինք անոր, եւ գիտենք, որ ան ոչ մէկ ջանք պիտի խնայէ  Սուրիոյ միասնականութեան ծառայող աշխատանքին համար: Փութին սատարեց մեր բանակին, եւ զինադադարի միջոցաւ բոլորին քննութեան առջեւ դրաւ, բացայայտելով, թէ ով ահաբեկչութեան դէմ է եւ ով՝ հետ»: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսաստանի կողմէ ուժերու դուրսբերումը նախապէս համակարգուած էր, եւ աւելի ճիշդ է զայն կոչել ռուսական ռազմական ուժի կրճատում, որ կարելի դարձաւ Թուրքիոյ եւ Աթլանթեան դաշնութեան հետ բախումներու հաւանականութեան նուազեցման հետ: Այս կապակցութեամբ Ասատ նաեւ նշած է, որ  ռուսական ուժի կրճատումը պիտի նպաստէ նաեւ, որ ԱՄՆ աւելի լաւ հասկնայ Ռուսաստանի դերը: