WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժ կ՝ենթարկուի հոգեբանական ճնշումներու, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն անոր կեանքին: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի ճնշումներու հարցով յատուկ զեկուցող Նիլս Մելցերը:
Փորձագէտը յիշեցուցած է, որ անցեալ մայիսին բժիշկներու հետ այցելած են Ասանժին Մեծ Բրիտանիոյ մեկուսարանին մէջ: Անոր խօսքով՝ Ասանժի մօտ «հոգեբանական փորձութիւններու հետեւանքներ նկատուած են», եւ որոշակի ճանչնալու որոշ ունակութիւններ ալ խախտուած։
Մելցեր ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Ասանժի նկատմամբ 24-ժամեայ հսկողութիւն սահմանուած է, եւ այդ «սթրեսային գործօնը անոր չափազանց խոցելի կը դարձնէ»: Բացի այդ, մասնագէտը նշած է, թէ անոր դատավարական իրաւունքները պարբերաբար կը խախտուին, եւ ան չի կրնար խօսիլ իր ամերիկացի փաստաբաններուն հետ: