Արտակարգ դէպք մը գրանցուած է Հալէպի մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւնը տրուեցաւ Հալէպի մասին լուրեր տարածող էջերու կողմէ, որ նաեւ հաղորդեցին, թէ հին Հալէպ շրջանին մէջ գտնուող «Ալ Քատումի» մզկիթին առաստաղէն կարեւոր հատուած մը փուլ եկած է։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ դէպքի ատեն մզկիթին մէջ կային մեծ թիւով աղօթողներ, որոնց ճակատագրին մասին ցարդ յստակ տուեալներ չեն հաղորդուիր։ Չի բացառուիր, որ մզկիթին մէջ եղողներուն կարեւոր մէկ մասը ծանրօրէն վիրաւորուած է։
Հալէպի ԱԻՆ մարմիններ կարեւոր աշխատանքներ կը կատարեն փրկելու համար մզկիթին մէջ եղողներուն կեանքը։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հալէպի «Ալ Ժըտայտէ» շրջանին մէչ քիչ չէ թիւը պատերազմին հետեւանքով ծանր վնասներու ենթարկուած եւ կիսափուլ վիճակի մէջ եղող շէնքերուն եւ կառոյցներուն, որոնցմէ մին էր «Ալ Քատումի» մզկիթը։
