«Արեւելք» (www.arevelk.am) լրատուական կայքը յիշելով պոլսահայ մտաւորական եւ «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր, ազատ խօսքի մարտիկ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 10-րդ տարելիցը, մտայղացաւ կազմակերպել «Հրանդ Տինք. Նահատակութեանդ 10-րդ տարին» թեմայով յօդուածի մրցոյթ: Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ 25 տարիքը բոլորած յօդուածագիրներ:
լաւագոյն յօդուածի հեղինակին կը տրուի 100 հազար հայկական դրամի պարգեւ: ժիւրիի ուշադրութեան արժանացած եւս երկու յօդուածներու հեղինակներ կը ստանան արժէքաւոր գիրքեր:
Յօդուածի լեզուն հայերէնն է (արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն): Նախընտրելի է, որ յօդուածը արտացոլէ այն իրականութիւնը, որ առաջացած է Տինքի նահատակութենէն ետք, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ մէջ խօսքի սահմանափակման ոլորտի մէջ հայ մտաւորականութեան պահուածքը, Տինքի բերած աւանդները ու անկէ բխող այլ հարցեր: Կազմուած է ժիւրի, որու անդամներու անունները կը յայտարարուին մրցանակաբաշխութեան ժամանակ:
Նիւթերը առաքելու վերջնաժամկէտն է՝ 20 փետրուար 2017:
Նիւթերը առաքել ՝ arevelk1@gmail.com հասցէին:
Մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կատարուի յատուկ միջոցառման մը ընթացքին: