Այս օրերուն իր լրումին կը հասնի «Արեւելք» լրատուականի ծննդեան երրորդ տարեդարձը։ Ճիշդ է որ տակաւին շատ վաղ է ընդհանուր գնահատականներ տալ մեր կատարած աշխատանքին, բայց եւ այնպէս երեք տարին բաւարար ժամանակ է՝ վերատեսութեան ենթարկելու մեր անցած ճանապարհը, որ լեցուն էր տարբեր մակարդակի մեծ ու փոքր դժուարութիւններով։
Այս առթիւ կու գանք անգամ մը եւս հաստատել, որ մեզի համար լրատուական գործունէութիւն ծաւալելը ուշադրութիւն գրաւելու, լայքեր հաւաքելու կամ լրահոսի կեդրոնին յայտնուելու միտումներով կատարուած աշխատանք մը չէ։
Կը փորձենք մեր լայն լսարանը իրազեկել մանաւանդ Միջին Արեւելքի կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին, ներկայացնել տեղի ունեցող գործընթացները ու նաեւ հանրայնացնել այն թեմաները, որոնք կը յուզեն աշխարհատարած հայութիւնը։
Ինչ խօսք, որ մեր աշխատանքի առաջին իսկ օրէն մեզի համար կիզակէտային դարձան Հայաստանն ու Արցախը, ուր հոն եւս փորձեցինք արձագանգ ու կամուրջ դառնալ մէկ կողմէ հայրենադարձ մեր հայրենակիցներուն ու միւս կողմէ Հայաստանի հանրութեան միջեւ։
Հաւատացող ենք, որ տակաւին երկար ճանապարհ ունինք կտրելիք ու այս առումով ալ կը պատրաստուինք թարմ ուժերով շարունակել մեր ճամբան։
Յանուն մեր հայրենաւանդ ընկալումներուն ու յանուն մանաւանդ արդար ու անկողմնակալ լրատուութեան։
«Արեւելք»ը նաեւ ձեր տունն է, միացէ՛ք մեզի։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել