Մատենամոլներու մեր սակաւաթիւ «բանակ»ին ամենամատենամոլը.- ահա այսպէս կը բնութագրէի արդէն 80 տարեկան Ժիրայր Դանիէլեանը:
Անունը ինքնին կը յուշէ երկու բան.- հաճընցիութիւն եւ գաղափարաբանութեամբ յստակօրէն շեշտուած ընտանիքի մը շառաւիղը, քանզի հնչակեան յեղափոխական Մօրուք Ժիրայր (եղբայրը Մեծն Մուրատի) հաճընցիներու հպարտութիւնը մնաց մի քանի սերունդներ:
Ժ. Դանիէլեան ծնաւ 1941-ին՝ Ճունի: Երկրորդ զաւակն էր Կարապետ եւ Սիրարփի Դանիէլեաններ ամոլին: Կարապետը Հ.Մ.Մ.-ի Ճունիի մասնաճիւղին ղեկավարներէն էր (տես Տիգրան Սարաֆեանի Հ.Մ.Մ.-ի պատմութեան նուիրուած գիրքը, էջ 220) եւ հմուտ փռապան, որուն արհեստը աւելի ուշ ժառանգեցին աւագ որդին եւ իրեն անուանակիր թոռնը: Աւագ որդին՝ Եփրեմը գտնուեցաւ աւելի մարտական դիրքերու վրայ եւ օր մը, որպէս թիկնապահ ձախակողմեան ղեկավարի մը, Պէյրութի մէջ, երբ կը մասնակցէր բանուորական ցոյցի մը, կը վիրաւորուի ոտքէն: Այդ սպին ու յիշատակը ան կրեց մինչեւ կեանքին վերջը՝ 6 Հոկտեմբեր 1992, երբ կանխահասօրէն առ յաւէտ հեռացաւ մեզմէ: Մինչ Ժիրայրը ընտրեց գրական-մտաւորական ոլորտը: Երրորդ որդին՝ Բագրատը հետագային հաստատուեցաւ Լոնտոն:
Հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորականութեան մօտ ընդհանրապէս, լիբանանահայ գրական-կրթական շրջանակներուն մօտ յատկապէս յարգուած եւ պատկառելի անուն մըն է Ժ. Դանիէլեան, որ ահա աւելի քան 50 տարիներու վաստակ մը ուսերուն՝ կը թեւակոխէ իր կեանքի 81-րդ տարին՝ ոչ բաղձալի պայմաններու տակ՝ ԱՄՆ-ի մէջ:
Ուսած է Հայկազեան համալսարանին մէջ (այդ օրերուն՝ գոլէճ). տարիներ եղած նոյն հաստատութեան գրադարանին վարիչը. ապա՝ նետուելով կրթական ասպարէզ եղաւ տնօրէնը ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան Մանուկեան-Դարուհի Յակոբեան երկ. Վարժարանին: Ան աշխուժօրէն մասնակցած է լիբանանահայ գրական-մշակութային կեանքին եւ կարելի է ըսել կենդանի վկան է անոր բոլոր մանրամասնութեանց: Ամէն նորատիպ հատոր, թերթ, գրագէտ, հրապարակագիր գրաւած են իր ուշադրութիւնը: Անտարակոյս, լիբանանահայ մատենագիտութեան ամենահմուտ գիտակն է ան, մանաւանդ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի կորուստէն ետք (1993): Հայ մամուլի պատմութեան ամէն մէկ ծալք կամ նոր գիրքի իւրաքանչիւր հրապարակում հետաքրքրած են զինք: Տարիներու ընթացքին եղած է խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ զանազան թերթերու, յատկապէս հայագիտական բնոյթի.- Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, «Հասկ» հայագիտական տարեգիրք, «Երիտասարդ Հայ.», «Խօսնակ», «Շիրակ»: 2005-էն սկսաւ խմբագրել եւ հրապարակել «Կամար» բարձրորակ, գեղաճաշակ եւ բովանդակալից պարբերագիրքը (մօտաւրապէս տարին երկու թիւ): Պէտք է ընդգծել որ իր ժանրը առօրեայ հրապարակագրութիւնը կամ ընթացիկ հարցերը չեղան, այլ՝ բծախնդիր ուսումնասիրութիւններ, ժամանակ եւ պրպտում պահանջող յօդուածներ, գրախօսականներ, գրադատականներ, որոնք ունեցան մնայուն արժէք՝ ի մասնաւորի բանասիրութեան եւ մամուլի պատմութեան շուրջ: Գրատարածութիւնը իր կեանքի առաքելութիւնն էր կարծէք եւ այդ առումով խմբագրեց բազմաթիւ գործեր, ինչպէս Սարգիս Արմէնի (Փոշօղլեան) «Այգաբաց»ը (1967), Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական Էսքիզներ»ը, Գուրգէն Մահարիի «Ծաղկած Փշալարեր»ը, Բագրատ Ուլուբաբեանի «Սարդարապատ»ը, Գառնիկ Ադդարեանի երկհատորեակը (1988 եւ 1991, գործակցութեամբ Արմէն Դարեանի եւ Թորոս Թորանեանի) եւ այլն: Կարեւորութեամբ պէտք է յիշել նաեւ Պէպօ Սիմոնեանի հետ խմբագրած «Վահրիճ ճէրէճեան Կեանքին Եւ Մտածողութեան Ընդմէջէն» (2007) գիրքը եւ Արմէն Դարեանի բանաւոր խօսքին մէկտեղումը՝ «Մատեան Բանաւոր Խօսքի» (2012): Վերջին տարիներուն ան մեծ ներդրում ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական բնօրրաններու յուշամատեաններու խմբագրութեան եւ վերահրատարակութեանց մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ: Իւրաքանչիւր հաստափոր հատոր անցաւ իր սրաբիբ աչքերէն: Պէտք է հաստատել, որ իր ուսումնասիրութիւնները արդիւնքը եղած են բծախնդիր եւ բարեխիղճ հետեւողական աշխատանքի: Հետաքրքրական էր իր 2018-ին հրատարակած «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի» հատորը, ուր կը նշէ մատենագիտական աշխատանքին լրջութիւնը, մեթոտը եւ մանրամասնօրէն փորփրելու կարեւորութիւնը:
Ժիրայր Դանիէլեանի գործերէն յիշենք՝ «Ակնարկ Լիբանանահայ Մամուլի Պատմութեան» (1973), «Հայ Մամուլի Հաւաքածոյ» (1974), «Սփիւռքահայ Նոր Պարբերական Մամուլը 1967-1980 Թուականներուն» (1981), «Ռամկավար Ազատական Մամուլը» (1982), «Հայ Նոր Պարբերական Մամուլը 1967-1981» (1984), «Լիբանանահայ Տպագրութիւնը Պատերազմի Տարիներուն 1975-1984» (1986), «Բանասիրական Որոնումներ» (1996), «Գրական Որոնումներ» (2007), «Բանասիրութեան Բաւիղներուն Մէջ» (2011, Երեւան):
Ան ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ եւ գնահատագիրներ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը, Հայաստանի Գրողներու Միութեան շքանշանը, 2011-ին՝ ԹՄՄ «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակը, ԹՄՄ «Արարատ» ոսկէ մետալը, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան Ուիլիըմ Սարոյեան մետալը, Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան յուշամետալը, պատուոյ դոկտորի տիտղոս Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայէն եւ այլն: Վերջին տարիներուն ձեռնհասօրէն կը վարէր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կից հայագիտական հիմնարկը, որմէ ընթացաւարտ եղան բազմաթիւ ուսանողուհիներ: Ան մասնակցած է հայագիտական բազմաթիւ համագումարներու, զանազան առիթներով տուած դասախօսութիւններ՝ գրական-մշակութային հարցերու նուիրուած: Ահազանգիչ եւ վաւերագրական գրքոյկ մըն էր 2002-ին իր պատրաստած «Լիբանանահայ Դպրոցը. Թիւեր Եւ Մտորումներ» ուսումնասիրութիւնը:
Ժ. Դանիէլեանի մտերիմներէն Թորոս Թորանեան 1990-ին կը գրէր. «Կը մնայ, որ ինչպէս ինք նախագծած է, իր այս բազմազբաղութեան մէջ շարունակէ բանասիրական-մատենագիտական աշխատանքները, որոնք անկասկած նորութիւններ կրնան բերել եւ նորութիւններով հաստատել մեր մշակոյթի պատմութիւն դարձած եւ պատմութիւն դարձող շրջաններուն աշխատանքները» եւ ապա՝ «Երկա՜ր, երկա՜ր ճանապարհ եւ անխոնջ ուղեւորի երկաթ գաւազան մեր մշակոյթի սուզակին եւ ալպինիստին» («Ապրող Մարդեր», Պէյրութ, 1991, էջ 82-83):
Ան կեանքի երկու հարուած ստացաւ. առաջին՝ երբ ինքնաշարժի զոհ գնաց իր կրտսեր դուստրին՝ Արփիին կողակիցը, որբեւայրի թողելով երիտասարդ ընտանիքը եւ 4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին համայնաքանդ պայթումը, երբ կորսնցուց իր մէկ աչքը: Ան դարմանումի համար ուղղուեցաւ ԱՄՆ՝ երէց դուստրին՝ Մարալին մօտ: Վստահաբար, այդ ահեղ պայթումին օրը ինքն իրմէ աւելի մտահոգ եղաւ իր բնակարանին գիրքերով, հաւաքածոներով, արխիւով եւ արժէքաւոր մատեաններով: Գրքամոլ է վերջապէս...:
ԵՐԿՈՒ ԴՐՈՒԱԳ
Առաջին.- փոքր տարիքիս երբ հայրս իր բարեկամներուն այցելութիւններ կու տար, երկու տուներ գրգռած էին իմ բարի նախանձս.- Մարտիրոս Գուշագճեանի եւ Ժիրայր Դանիէլեանի, որովհետեւ անոնց բնակարաններուն պատերը լիուլի «ծեփուած» էին կուշտ-կուշտի, կարգապահօրէն շարուած հատորներով, խճողուած էին կուտակուած մատեաններով: Այսօր, իմ բնակարանս երբ նոյն պատկերը կը պարզէ, ոչ ոք բարի նախանձ կը տածէ: Ո՜վ պիտի գնահատէ գիրքն ու գրադարանը...:
Երկրորդ.- երբ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի կ'ունենար «Բանասիրական Որոնումներ» հատորին շնորհահանդէսը, այսպէս պատմեց Ժ. Դանիէլեան.- Օր մը, դպրոցի դասաժամերէն ետք, փոքր դուստրը Արփին գալով կը հարցնէ. «Հայրիկ, մենք հարուստ ե՞նք», ինչո՞ւ կը հարցնէ Ժ. Դանիէլեան, «աշակերտ մը հարցուց զբօսանքի ժամուն» կը բացատրէ Արփին: Դուն ի՞նչ պատասխանեցիր՝ կը յարէ հայրը, որոշ տատանումներէ եւ վարանումէ ետք Արփին պատասխանած է՝ «այո, հարուստ ենք, մեր տունը հազարաւոր գիրքեր ունինք...»:
Գիրքի հարստութեան հաւատացած է Ժիրայր Դանիէլեան, զինուորագրուած է անոր եւ իր 80 ամեակին առիթով ամբողջական ապաքինում մաղթելով կ'ըսենք՝ հայ գիրքը, մտաւորականը եւ ընթերցողները առողջ վերադարձիդ կը սպասեն Ժիրայր Դանիէլեան...
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ
«Արարատ» օրաթերթ, 28 Մայիս, 2021