26 Մարտին, ժամը 18:40-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է 1998-ի ծնունդ, ժամկէտային զինծառայող Արա Գէորգի Առաքելեանը:
Արցախի ՊՆ կը յայտնէ, որ դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնն է յայտնում մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: