image

Արցախի մէջ 21-ամեայ զինուոր մը զոհուած է

Արցախի մէջ 21-ամեայ զինուոր մը զոհուած է

26 Մարտին, ժամը 18:40-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է 1998-ի ծնունդ, ժամկէտային զինծառայող Արա Գէորգի Առաքելեանը:

Արցախի ՊՆ կը յայտնէ, որ դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնն է յայտնում մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին»,-ըսուած  է հաղորդագրութեան մէջ: