Քիչ առաջ Մարտունի քաղաքին մէջ աւարտեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու արտահերթ ընտրութիւնը, որուն մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցող մարտունեցիներու աւելի քան 60 տոկոսը: Այս մասին, երէկ՝ 5 յուլիսիսն, ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։
«Նախնական արդիւնքով՝ քաղաքապետ ընտրուած է Էտիկ Աւանեսեանը, որ մինչ այդ նախկին քաղաքապետ Հայկ Սարգսեանի տեղակալն էր: Կը հաւաստիացնեմ, որ իշխանութիւնները ձեռնարկած են բոլոր քայլերը ընտրապայքարին մասնակցած 6 թեկնածուներուն համար հաւասար պայմաններ ստեղծելու եւ համավարակային իրավիճակին մէջ առողջապահական անհրաժեշտ միջոցները ապահովելու համար:
Օրինակելի ընտրութիւններ կայացնելու առիթով կը շնորհաւորեմ քուէարկութեան աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերած բոլոր մարտունեցիները, նախընտրական քարոզարշաւի ողջ ընթացքին իրարու նկատմամբ փոխադարձ յարգանք դրսեւորած 6 թեկնածուները եւ համաքաղաքացիներու վստահութեան քուէն ստացած Էտիկ Աւանեսեանը: Մեր քաղաքական իշխանութիւնը վճռական է, որպէսզի յաջորդ բոլոր ընտրութիւնները եւս կազմակերպուին նոյն այս չափանիշներով:
Կը վստահեցնեմ, որ դեռ Հայկ Սարգսեանի հետ քննարկած եւ նախանշած բոլոր ծրագիրները, որոնք կապուած են մեր հանրապետութեան՝ իր մեծութեամբ երկրորդը համարուող քաղաքի զարգացման տեսլականի հետ, ի կատար պիտի ածենք:
Նորընտիր քաղաքապետին արգասաբեր գործունէութիւն կը մաղթեմ»,- գրած է Արցախի նախագահը: