image
Հրատապ լուրեր:

«Առաւելագոյնը 10-15 տարիէն, սփիւռքահայ տպագիր մամուլը լրիւ պիտի անհետանայ» Հրաչ Քալսահակեան

«Առաւելագոյնը 10-15 տարիէն, սփիւռքահայ տպագիր մամուլը լրիւ պիտի անհետանայ» Հրաչ Քալսահակեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ  «Ազատ-Հայ» Միջին Արեւելքի կայքի հիմնադիր եւ խմբագիր՝ Հրաչ  Քալսահակեանը.


 -Վերջին շրջանին, ականատես  եղանք  հայ մամուլին  վերաբերող   խնդիրներու    արծարծման։  Այս առումով ալ  ամենակենսական   հարցը, որ բարձրաձայնուեցաւ   այն    հարցադրումն էր, որ  արդեօ՞ք  մամուլը   աշխատանք է, թէ՞  առաքելութիւն։ Ի վերջոյ   որպէս մամուլի  աշխարհին  մէջ  ներդրում ունեցող  անհատ,  ձեզի համար, ինչ   ըսել  է  հայ մամուլ, ի՞նչ ըսել է     մամուլի ճամբով  առաքելութիւն իրականացնել եւ ի վերջոյ  ի՞նչ  առաքելութեան  մասին է խօսքը։  


Սփիւռքի մէջ որոշ պաշտօններ կան, որոնք համազգային կշիռ կը ներկայացնեն, օրինակի համար կրթութիւն, լրագրութիւն, քահանայութիւն եւ այլն: Այս պաշտօնները նկարագրելու ատեն սովորութիւն դարձած է «առաքելութիւն» բառը օգտագործել, մեկնելով այդ հինաւուրց հասկացողութենէն, ըստ որուն այդ գործերը ստանձնող մարդիկ ընդհանրապէս ազգին ծառայութիւն մը կը մատուցեն:

Դժբախտաբար այս մօտեցումը ունի զուտ զգացական իմաստ եւ հեռու է ներկայ ժամանակներու պահանջներէն: Կարելի չէ այլեւս մարդոց գնահատել սոսկ «վարձքդ կատար» ըսելով: Անոնք պէտք ունին նիւթական վարձատրութեան: Իմ կարծիքով, մամուլը առաքելութիւն մը չէ, այլ միւս գործերուն նման կարիքի մը արդիւնքն է: Մենք կարիք ունինք տեղեկութիւն ստանալու, իսկ լրագրողները այդ կարիքը կը հոգան, հետեւեաբար անոնք պէտք է վարձատրուին իրենց կատարած աշխատանքին համար:

 

Քանի որ չունի ազատ մամուլ, մեր լրագրողները զրկուած են ընթերցողին հետաքրքրութիւն գրաւող նիւթեր հետապնդելէ: Անոնք կը բաւականանան արտատպումներ կատարելով եւ այս կամ այն պաշտօնական կեցուածքները մեկնաբանելով: Արդիւնքը կ'ըլլայ որ անոնք կը լճանան ու իրենց հետ կը լճացնեն հասարակութիւնը:  Երբեք ուրեմն զարմանալի չէ, որ տպագիր մամուլին ընթերցողներուն թիւը հետըզհետէ պիտի    պակսի։  Ամբողջ սփիւռքի հայ տպագիր մամուլին տպաքանակը թերեւս այժմ երեք հազարի սահմանը չ'անցնիր, որուն կէսը հաւանաբար «քաղաքավարութեան վնասներ» կրող բաժանորդներն են:

 

Ամփոփելով  ըսեմ, թէ այսպիսի պայմաններու տակ գտնուող լրագրական ասպարէզը «առաքելութիւն» կը սեպուի միայն անոր հարցերով զբաղիլ չուզողներուն աչքին: Մինչդեռ տրամաբանական մօտեցում ունեցողներուն համար անիկա բնական գործ մըն է, որ կարիք ունի բնական պայմաններու եւ պէտք է առաջնորդուի նիւթական հատուցումի բնական օրէնքներով:

 

 

 -Մանաւանդ  սփիւռքեան մակարդակի վրայ լուրջ մտավախութիւններ կան համացանցի միջոցաւ  տարածուող էջերու  մասին։   Այն ինչքանո՞վ մտահոգիչ է,  կամ արդեօք   իրապէս պէ՞տք է  վախնալ համացանցէն։

 

Համացանցային մամուլը տպագիր թերթի մը արդիական ձեւն է: Անոնք որոնք անցեալին կը վախնային տպագիր մամուլէն ինքնաբերաբար, այժմ պիտի վախնան համացանցային տեղեկատուական միջոցներէն, նոյնիսկ պիտի սոսկան, քանի որ դժուար պիտի  ըլլայ հասկնալ, թէ ի՞նչ տեղի կ'ունենայ:

 

Մենք վարժ ենք տպագիր մամուլին, քանի որ լաւապէս սորված ենք այդ մամուլը հակակշռելու եւ անոր վրայ իշխանութիւն բանեցնելու միջոցները: Առցանց մամուլը սակայն դժուար հակակշռելի է: Այդ պատճառով հայ մամուլին վրայ գերակայութիւն կիրառող մարմինները պիտի նախընտրէին, որ առցանց մամուլը երբեք գոյութիւն չունենար: Մեր բախտը բերած է սակայն, որ այսօր համացանցը  կայ, որպէսզի  մեր նման փոքր ու ցիրուցան ազգեր կարողանան լաւապէս օգտուիլ ընձեռնուած հնարաւորութիւններէն: Կրնամ վստահեցնել, թէ հոսանքը այդ ուղղութեամբ կ'ընթանայ: Հաւանաբար քանի մը տարիէն, առաւելագոյնը 10-15 տարիէն, սփիւռքահայ տպագիր մամուլը լրիւ պիտի անհետանայ ու փոխարինուի առցանց տարբերակով, որ բոլորովին տարբեր որակ  մը   պիտի  ստեղծէ սփիւռքահայ տպագիր մամուլին հետ բաղդատմամբ: Սփիւռքահայ տպագիր մամուլը պիտի կարենար աւելի երկար ու իմաստաւոր կեանք մը ունենալ, եթէ այլ կանոններով գործեր ու ենթակայ չըլլար անգրագէտ պատասխանատուներու քմահաճոյքին, բայց դասական այս մամուլը դասական յուղարկաւորութենէ զատ այլ բանի արժանի չէ:

 

-Խօսքի  ազատութիւնը    մամուլին  անկեղծ  ու յաճախ  տուժող ընկերն է, սփիւռքեան կտրուածքով    «խօսքի ազատութիւն»  սահմանումը    կա՞յ, գոյութիւն ունի՞,  կամ թէ     ձգուած է պատահականութեան  եւ  մենաշնորհն է   կարգ մը «խենթեր»ու։  Ի՞նչ կը մտածէք  այդ մասին։


Հազուագիւտ պարագաներու կարելի է խօսքի ազատութեան դրսեւորումներու հանդիպիլ սփիւռքահայ մամուլի այն հատուածին մօտ որ կը տիրապետէ տպագրական եւ տեղեկատուական միջոցներուն: Այդ բնագաւառին մէջ աշխատողները պաշտօնական տեղեկատուութեան խօսափողներ են, այսինքն պալատական լրագրողներ (պալատ չկայ, բայց պալատական բարքերը կը շարունակուին):

 

Բարեբախտաբար, վերոնշեալ շրջագիծէն դուրս կը գտնուին  որոշ մարդիկ, որոնք նոր հորիզոններ որոնելու ճանապարհին վրայ են: Անցալին այդպիսի մարդոց նախաձեռնածը խենթութիւն կամ արկածախնդրութիւն կը սեպուէր, բայց հիմա կամաց-կամաց անոնք կը դառնան նշաձողը սահմանողները: Այդպիսիներուն թիւը պիտի աճի եւ անոնց ներկայութեամբ հայ մամուլը նոր փուլ պիտի թեւակոխէ:

 

Գրաւոր մամուլի  ապագային մասին  ի՞նչ կը մտածէք, արդեօ՞ք  այն  իրապէս վտանգուած է,  թէ՞ այդ մասին  հնչող  վարկածները  քիչ մը  չափազանցուած են։

 

Եթէ խօսքը տպագիր մամուլի մասին է, այո՛, այն դատապարտուած է անհետացումի: Մեր քով աւելի շուտ պիտի անհետանայ, որովհետեւ փոքր եւ ցիրուցան ազգ ենք եւ հնարաւոր չէ տպագիր միջոցներով տեղեկատուութիւն հասցընել աշխարհագրական լայն տարածում ունեցող մեր զանգուածներուն, մանաւանդ եթէ այդ տեղեկատուութիւնը, վերը նշուած պատճառներով, անբովանդակ է: Գրաւոր մամուլը պիտի շարունակուի ի հարկէ առցանց վերպարանքով: Ան որ կը փափաքի տպագրել որեւէ էջ, կրնայ իր տպագրական մեքենայով ելեկտրոնային էջը թուղթի վերածել ու իր ձեռքերով այն  շօշափել: Եթէ  անհատը անցեալը վերապրելու տենչով  համակուած է, կրնայ  դալուկ ու յատուկ բոյր ունեցող թուղթի վրայ տպել թերթը:

 

Մօտիկ  անցեալին՝   «պաղ  պատերազմ»ի  օրերուն սփիւռքեան կեանքի,  օրակարգի կամ   տեսակէտի   բախման  հիմնական     «հրապարակ»ը  հայ մամուլն էր, որ նաեւ տեղ մը   կ՚օժանդակէր, որ   հայութիւնը  յուզող  հիմնահարցերը «բաց»  կերպով քննարկուին, եւ այդ բոլորէն ծնունդ առնէ  լաւագոյն   գաղափարն ու հասարակութեան համար  ամէնէն    կենսական եւ հանրօգուտ միտքը. Այսօր, ըստ երեւոյթին այդպէս չէ եւ   բոլորը  (մամուլի մասին է խօսքը) կամ   առհասարակ  մեծամասնութիւնը    միտուած է  «փոլիշ»  աշխատանք մը կատարելու,     հարցերը  գեղեցիկ  երանգներով   շպարելու կամ   խուսափելու իրականութիւնը  խօսելէ կամ      առնուազն ներկայացնելէ, այս մասին ի՞նչ կը մտածէ  Հրաչ  Քալսահակեանը։

 

Ղեկավար ըլլալը անցեալին դիւրին էր որովհետեւ մարդիկ հաւաքական բնազդով կ'առաջնորդուէին, մանաւանդ Միջին Արեւելքի նման հասարակութիւններու պարագային, երբ ղեկավար մը ապաւէն կը նկատուէր ու պատուար: Հիմա սակայն, ղեկավար ըլլալ այլ յատկութիւններ կը պահանջէ, որոնցմէ գրեթէ զուրկ են մերինները, քանի որ տարիներ շարունակ անոնք լուսանկարներու մէջ տեղ գրաւելէ անդին մասնաւոր փութկոտութիւն չցուցաբերեցին: Հայ անհատները նախ եւ առաջ իրենց անձնական բարօրրութիւնը կը հետապնդեն եւ յետոյ՝ ազգայինը: Այդ բնական երեւոյթ մըն է այժմեան հասարակութիւններուն մէջ, բայց քանի որ սոյն երեւոյթին անհաղորդ մնացած են մեր ղեկավարները, քննարկումի կամ մերձեցման եզրերը գրեթէ անհետացած են երկու բեւեռներուն (ղեկավար եւ ժողովուրդ) միջեւ եւ հետզհետէ մեծ բացութիւն գոյացած է: Այժմ այդ բացութեան թիւրիմացաբար անտարբերութիւն անունը կը տրուի, բայց իրականութեան մէջ անպատասխանատուութեան հետեւանք է: Իսկ իմ կարծիքով, անպատասխանատուութիւնը կարելի է փնտռել պատասխանատուին քով եւ ո՛չ հակառակը: Ճիշդ է ձեր ակնարկածը, թէ հարցերը գեղեցիկ շպարով կը ծածկուին այսօր, քանի որ ատիկա անպատասխանատու ղեկավարութեան մը վերջին յենարանն է:

 

-Այս բոլորէն անդին, ինչի՞ պէտք ունի      սփիւռքի   հայկական մամուլը՝ մրցելու համար միջազգային  արժէչափեր   պահպանող լրատուամիջոցներու հետ։ Ի՞նչ կ՚առաջարկէք։

 

Հայ մամուլը ի բնէ ունի կարեւոր առաւելութիւն մը՝ հայ իրականութիւնը ներկայացնելու «մենաշնորհը»: Միջազգային արժէչափերուն որդեգրումը պիտի նպաստէ, որ սոյն գործը լաւ ձեւով կատարուի ու հայ ընթերցողը զգայ թէ օգուտ կը քաղէ մամուլէն: Դժբախտաբար, հիմա այդպէս չէ վիճակը, քանի որ մակաբոյծներուն թիւը կենարար տարրերէն շատ աւելի է: Ապաքինումի բաղադրատոմսը պարզ է՝ մամուլը ազատել ամէն տեսակի մակաբոյծներէն (մանաւանդ անգրագէտ պատասխանատուներէն) ըլլայ ատիկա տպագիր կամ առցանց մամուլի բնագաւառներուն մէջ: Վերջինը, այսինքն առցանց մամուլը, դէպի վեր տանող մեր ճանապարհն է, ուր պիտի չկարենան մակաբոյծները հասնիլ: Այդ է մեր ապագայի հանգանակը: